Լուրեր

«ՀԱՅ ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՐՑԱԽՈՅԶ»Ի ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՓՈԻԼԸ ՍԿՍԱԾ Է

Հանրային կարծիքի ուսումնասիրութեան աննախընթաց նախագիծ մըն է «Հայ Սփիւռքի Հարցախոյզ»ը (Armenian Diaspora Survey, ADS), որ իր ներկայ փուլով մինչեւ յառաջիկայ 29 Յուլիս պիտի կատարուի Միացեալ Նահանգներուն եւ Գանատայի Օնթարիօ նահանգին մէջ։ Նախորդ փուլերը տեղի ունեցած էին Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Հարաւային Ամերիկայի տարբեր համայնքներու մէջ։

Մեր մասնակցութիւնը բերենք՝ պատասխանելով հարցախոյզի հարցումներուն, որոնք կը շօշափեն ինքնութեան, մշակոյթի ու համայնքի մասին զանազան հարցեր։ Այսպէսով, նպաստած կ՚ըլլանք Սփիւռքի աւելի պատշաճ ըմբռնումին, ի մասնաւորի՝ Հիւսիսային Ամերիկայի պարագային։

Պատասխանները անանուն են, իսկ արդիւնքները յաջորդ տարուան ընթացքին պիտի հրապարակուին ADSի կայքէջին մէջ։ Հարցարանը կրնաք ամբողջացնել այցելելով www.armeniandiasporasurvey.com, ուր նաեւ տեղեկութիւններ կան յաճախ տրուող հարցերու եւ անհատական գաղտնապահութեան մասին։

Այս տեղեկութիւնները կրնաք տարածել, զանոնք հաղորդելով ձեր բարեկամներուն ու ընտանեկան պարագաներով, որոնք այժմ Միացեալ Նահանգներու մէջ կ՚ապրին։

Ուսումնասիրութիւնը նիւթապէս հովանաւորուած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կողմէ եւ կը ղեկավարուի Լոնտոնի Հայկական Հիմնարկին կողմէ։