Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

ՉԱՐԼԶ ԿԱՐԱՊԵՏ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆԻ
(5 Մայիս, 1927 – 8 Մայիս, 2022)

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները ցաւօք տեղեկացան, որ Կիրակի, 8 Մայիսին, համայնքի յայտնի դէմքերէն՝ Չարլզ Կարապետ (Տէր) Գասպարեան, իր մահկանացուն կնքած է 95 տարեկանին, Թինէքի (Նիւ Ճըրզի) մէջ։

Չարլզ Գասպարեան ծնած էր 5 Մայիս, 1927ին, Ճըրզի Սիթիի մէջ, Մեծ Եղեռնէն տիգրանակերտցի վերապրողներ Յակոբ Տէր Գասպարեանի եւ Լուսիա Գազանճեանի ընտանիքին մէջ։ Չորս եղբայրներէ երկրորդ եղած է։ Մեծցած է Իւնիըն Սիթիի մէջ, որ ծանօթ էր «Փոքրիկ Տիգրանակերտ» անունով, եւ իր կեանքի ընթացքին Տիգրանակերտի բարբառի, սովորութիւններուն ու բարքերուն եւ խոհանոցին մշտական պահապան ու տարածող հանդիսացած է։ Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք Իւնիըն Սիթիի «Էմերսըն» երկրորդական վարժարանէն, Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին ծառայած է ամերիկեան բանակին մէջ։ Այնուհետեւ, Նիւ Եորք համալսարանէն գիտութեան վկայական ստացած է, իսկ վարչագիտութեան մագիստրոսական վկայականը՝ Ատելֆի համալսարանէն։ Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ աշխատած է իբրեւ ֆինանսական կառավարման պաշտօնատար։

Պրն. Գասպարեան, որ C. K. Garabed գրչանունով ծանօթ անուն մըն էր ամերիկահայ անգլիագիր մամուլին մէջ, 1989-2022ին մնայուն սիւնակագիր եղած է «Արմինիըն Ուիքլի»ին իր “Uncle Garabed’s Notebook” խորագրուած սիւնակով։ Գործօն ու երկարամեայ մասնակցութիւն ունեցած է Հայց. Եկեղեցւոյ եւ ամերիկահայ համայնքի կեանքին մէջ։ Անդամակցած է Կոմիտասի հինգ աշակերտներէն՝ Միհրան Թումաճանի ղեկավարած Հայ Ազգային Երգչախումբին մէջ, ինչպէս եւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ (Նիւ Եորք) երգչախումբին, ղեկավարութեամբ Թումաճանի աշակերտ՝ Արմէն Պապամեանի։ Հոն ծանօթացած է ապագայ կնոջ՝ հանգուցեալ Ալիս Աղաւնի Համբարեանին, որուն հետ կազմած է հայաշունչ բոյն մը եւ բախտաւորուած երկու զաւակներով՝ Լուսին եւ Անդրանիկ։

Ամուսնանալէ ու Նիւ Ճըրզի հաստատուելէ ետք, 1957ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ) հիմնադիր անդամներէն եղած է, ծառայելով եկեղեցւոյ շինարարութեան ծրագրի առաջին հաշուեքննիչ յանձնախումբին մէջ։ Բազմիցս պաշտօնավարած է իբրեւ հոգաբարձու, եւ Արանց Ակումբի սիւներէն կը նկատուէր։ Կնոջ ու զաւակներուն հետ՝ երգած է եկեղեցւոյ դպրաց դասին մէջ, Ա. Պապամեանի դպրապետութեամբ։ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին իբրեւ երեսփոխան ներկայացուցած է Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին։ Տէր եւ տիկ. Գասպարեաններ անդամակցած են «Նարեկ» շաբաթօրեայ դպրոցի խնամակալ մարմնին եւ երգած՝ Համազգայինի երգչախումբին մէջ, ղեկավարութեամբ Րաֆֆի Սվաճեանի։ Ընտանիքի անդամներու եւ բարեկամներու հետ, պրն. Գասպարեան անդամ եղած է Նիւ Եորքի «Նայիրի» երգի ու պարի համոյթին։

Կեանքի վերջին տարիներուն, շարք մը գրական ծրագիրներ իրագործած է, ինչպէս Տիգրանակերտի խօսակցական լեզուի ձեռնարկ մը եւ հայկական մականուններու բառարան մը, ի շարս այլոց, զորս կարելի է գտնել առցանց։ Մահէն քանի մը ամիս առաջ, ամբողջացուցած է Տիգրանակերտի բարբառով գրուած «Ովին մի թաւլի» մէկ արարով թատերախաղը։

Թաղումը տեղի պիտի ունենայ մասնաւոր պայմաններու մէջ։ Ըստ իր ցանկութեան, հանգուցեալի աճիւնները պիտի թաղուին թէ՛ հայկական եւ թէ՛ ամերիկեան հողի վրայ՝ պապենական ու որդեգրուած հայրենիքներու հանդէպ անոր սէրը ցոլացնելու համար։ Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Նիւ Ճըրզի), Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ (Նիւ Եորք), Թիւֆէնքեան հիմնադրամին եւ Հայ Վիրաւոր Հերոսներու Հիմնադրամին։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Ազգային Վարչութիւնը իրենց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի զաւակներուն՝ տէր եւ տիկ. Լուսին Գասպարեան եւ Տէյվիտ Պոյաճեան, եւ տէր եւ տիկ. Անդրանիկ Գասպարեան եւ Մարօ Մաթոսեան, եւ բոլոր ընտանեկան պարագաներուն։

Հողը թեթեւ գայ վրան։ Աստուած հոգին լուսաւորէ։