Առաջնորդարանէն

ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ 65ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՍԿՍԱՒ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ

Չորեքշաբթի, Յունիս 1ին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, նախագահեց Ազգային Առաջնորդարանի 65ամեակի տօնակատարութեան յանձնախումբի առաջին նիստին, որ տեղի ունեցաւ Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ։ Ժողովը ընթացաւ շինիչ ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ։ Տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 20 Նոյեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ։