Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ԳՈՐԾԵՐԸ՝ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ

(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 19 Յունիս)

Այսօր, Հոգեգալուստի տօնի երրորդ Կիրակին, Աւետարանի ընթերցումը նշուած է Յովհ. 10.22-30: Աւետարանիչը կը պատմէ, թէ ինչպէս Տաճարի նաւակատիքի տօնին Յիսուս երբ կը քալէր Տաճարի սիւնագաւիթին մէջ, Փարիսեցիները մօտենալով իրեն կը  հարցաքննեն, եթէ իրաւ Ի՛նք է Մեսիան։ Յիսուս կը պատասխանէ. «Արդէն իսկ ըսած եմ ձեզի, սակայն չէք հաւատար։ Այն գործերը որ Հօրս անունով կը կատարեմ, անոնք իսկ կը վկայեն, թէ ով եմ ես։ Բայց դուք չէք հաւատար, որովհետեւ իմ ոչխարներս չէք»։ Մոլեգնած ամբոխը կ՛ուզէ քարկոծել զինք, որովհետեւ ինքզինք Աստուած կը համարէր։

Այս համարը կարեւոր է որպէս ծանօթութիւն եւ ուսուցում, որմէ հետեւեալ մտածումները կ՛ուզեմ բաժնել։

ա. Յովհաննէս Առաքեալ այս դէպքին ճշգրիտ առիթը եւ վայրը յիշելով, մեզի կը հայթայթէ տոկուն փաստ մը վերեւ յիշուած խօսակցութեան պատմական վաւերականութեան։ Նաւակատիքի տօնը եւ խօսակցութեան վայրի ակնարկութիւնը յատկանշական են։

Տաճարը, որ շինուած էր Աստուծոյ պատուէրով Սողոմոն թագաւորի կողմէ (Ա Թագ 8.19), վերանորոգուած էր Բաբելոնի գերեվարութեան դարձէն ետք  վեցերորդ դարուն Ք.Ա., իսկ երկրորդ դարուն վերասրբագործուած ու վերընծայուած էր Մակաբայեցիներու ժամանակ, որովհետեւ Անտիոքոս Դ.ի իշխանութեան շրջանին պղծուած էր։ Տաճարը միաստուածեան առաջին կրօնքի գերագոյն սրբավայրն էր, եւ Փարիսեցիք հպարտ էին որ պահապանն էին Աստուծոյ կողմէ Մովսիսական Օրէնքին, եւ որուն միակ մեկնաբանները կը համարէին իրենք զիրենք։

բ. Յիսուս, որպէս Օրէնքի նոր Ուսուցիչ մը, որ Փարիսեցիական ընթացիկ դպրոցէն չէր անցած, կու գար անոնց ամբողջ հեղինակութիւնը հարցականի տակ առնել, Ինքզինք Աստուծոյ Որդին յայտարարելով, աւելին՝ զանոնք արտաքսելով Եհովայի ներքին շրջանակէն, որուն դարեր ամենայն նախանձախնդրութեամբ եւ հաւատարմութամբ ծառայած էին։ Փարիսեցիները ամօթալի յանձնապաստանութիւն եւ աններելի հայհոյանք կը նկատէին Յիսուսի այս յայտարարութիւնը որպէս Որդի Աստուծոյ։

գ. Աւետարանին մէջ յիշուած առիթը, վայրը եւ խօսակցութիւնը իրա՛ւ որ խիստ թանկագին են։ Նաւակատիքի տօնը, ինչպէս վերեւ բացատրուեցաւ, Տաճարի վերասրբագործման եւ վերընծայման տօնն էր։ Նմանապէս Աստուծոյ կողմէ նուիրուած Օրէնքները, որոնք դարերու ընթացքին խաթարուած էին ծայրայեղութեան եւ այլ պատճառներու հետեւանքով, կարօտ էին վերստին նորոգուելու եւ ընծայուելու, որպէսզի Օրէնքը տուող Աստուծոյ հարազատ պատգամը փոխանցէին, եւ ծառայէին որպէս լոյս (Սղ 119.105), առաջնորդելու եւ բերելու ժողովուրդը առ Աստուած։

դ. Մեր Տէրը, ոչխարի եւ հովիւի պատկերը գործածելով, մեծագոյն պատգամը կը փոխանցէր օրէնսդիրներուն, թէ անոնք կորսնցուցած էին ժողովուրդին առաջնորդ ըլլալու իրենց առաքելութեան էութիւնը։ Յիսուս կը զգուշացնէր Փարիսեցիները, որ ժողովուրդը պէտք չէ բեռնաւորեն Օրէնքի տառով, այլ պէտք է վարեն Օրէնքի ոգիով՝ Հոգատարութեամբ, հովիւի մը նման, ինչպէս Դաւիթ ամենայն հեզութեամբ խոստովանած ու գործած էր (Սղ 23.1)։

ե. «Գառն Աստուծոյ»ն քարկոծելու փորձը ողբալի վկայութիւն մըն է, որ Յիսուսի ունկնդիրները գործիքներն էին Չարին, որ բացարձակապէս կը մերժէ եւ կ՛ուրանայ Ճշմարտութիւնը։ Ընթացիկ երեւոյթ է որ անհատ մը կամ հաւաքականութիւն մը չեն հանդուրժեր որեւէ քննադատութիւն. այնուամենայնիւ, կոյր ըլլալը կ՛առաջնորդէ ինքնակործանման (Յհ 9.41)։ Գործերը՝ հրաշքները եւ ուսուցումը, որոնց վրայ Յիսուս միշտ Փարիսեցիներուն ուշադրութիւնը կը հրաւիրէր, եւ զորս առանց բացառութեան Հօր Աստուծոյ կը վերագրէր, բոլոր դարերու մարգարէներուն կողմէ կանխագուշակուած էին (Ես 61.1-3) եւ իրենք այնքան պարծանքով կը սորվեցնէին։ Ուստի անգիտակցաբար Օրէնքի պարգեւատուն փորձելով քարկոծել, իրենք զիրենք հեռացուցած կ՛ըլլային իրենց հեղինակութեան Աղբիւրէն։

Յիսուսը քարկոծելով սպաննելու մահափորձը, որ ձախողեցաւ, որովհետեւ Յիսուս խոյս կու տայ անոնց մէջէն (Յհ 10.39), անուրանալի ապացոյց մըն է որ Չարը ինչպէս ամէն գնով կ՛ուզէ Նախախանամութեան ծրագիրը ձախողեցնել, բայց եւ այնպէս վերջին խօսքը կը պատկանի Աստուծոյ։ Ա՛ն է գերագոյն եւ միակ զօրութիւնը որ ստեղծագործութեան հիմերը դրած է, ինչպէս կ՛ըսէ Յոբ (Յոբ 38.4), զայն կը ղեկավարէ ու կ՛առաջնորդէ իր նպատակակէտին։

Այս պատգամով, բոլորս ալ զգոյշ ըլլանք ամէն փորձութենէ որ կրնայ մեզ հեռացնել մեր կեանքի Աղբիւրէն, որուն պատկերը կը կրենք։ Բոլորս մեր սիրտը՝ ամենէն թանկարժէք տաճարը, վերընծայենք մեր երկնաւոր Հօր, որ Իր Սուրբ Հոգիով կը սրբագործէ զայն եւ որպէս իր ամենասիրած սրբավայրը՝ իր Որդւոյն հետ կուգայ բնակելու անոր մէջ (Յհ 14.23 )։ Փառք եւ պատիւ Ամենասուրբին։ Ամէն։