Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 26 ՅՈՒՆԻՍ, Գ. ԿԻՐԱԿԻ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԷՆ ԵՏՔ

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Ես. 1:2-15

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 12:1-8

Շաբաթ օր մը, Յիսուս ցորենի արտերուն մէջէն կ’անցնէր: Աշակերտները անօթեցած ըլլալով, սկսան հասկ փրցնել եւ ուտել: Երբ Փարիսեցիները ասիկա տեսան, ըսին Յիսուսի.

Տե՛ս, աշակերտներդ ի՛նչ կ’ընեն. բան մը, որ մեր Օրէնքը կ’արգիլէ Շաբաթ օրով ընել:

Յիսուս պատասխանեց.

Չէ՞ք կարդացած թէ ի՛նչ ըրաւ Դաւիթ, երբ ինք եւ իր հետ եղողները անօթեցան: Աստուծոյ տունը չմտա՞ւ եւ առաջաւորութեան հացերը չկերա՞ւ, բան մը՝ որ Օրէնքին համաձայն արտօնուած չէր իրեն եւ ոչ ալ իրեն հետ եղողներուն, այլ միայն քահանաներուն: Կամ չէ՞ք կարդացած Օրէնքին մէջ, թէ Շաբաթ օրերը քահանաները տաճարին մէջ կը սրբապղծեն Շաբաթ օրը եւ սակայն ատիկա մեղք չի համարուիր իրենց: Ահա կ’ըսեմ ձեզի, որ տաճարէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս: Եթէ իրապէս հասկնայիք թէ ի՛նչ կը նշանակէ Աստուծոյ սա խօսքը. «Ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ», այն ատեն չէիք դատապարտեր անմեղները, որովհետեւ Մարդու Որդին Տէրն է Շաբաթին:

 

ՆԱՄԱԿ ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 6:12-23

Այսուհետեւ մեղքը թող չթագաւորէ ձեր մահկանացու մարմիններուն մէջ, զանոնք իր ցանկութեանց հնազանդեցնելով: Մեղքին անձնատուր մի՛ ըլլաք, ձեր անդամները անիրաւութեան գործիք դարձնելով, այլ՝ որպէս մահուընէ կեանքի եկած մարդիկ, դուք ձեզ Աստուծոյ յանձնեցէք եւ ձեր մարմինները Աստուծոյ ձեռքին մէջ արդարութեան գործիք դարձուցէք: Մեղքը ձեր վրայ պէտք չէ իշխէ, քանի դուք Օրէնքին ենթակայ չէք, այլ՝ շնորհքին:

Ուրեմն ի՞նչ. քանի շնորհքին ենթակայ ենք եւ ոչ Օրէնքին, մե՞ղք գործենք: Բնա՛ւ երբեք: Լաւ գիտցէք, թէ որո՛ւ ծառայութեան որ նուիրուիք եւ հնազանդիք, անոր ծառան եղած կ’ըլլաք: Մեղքին ծառայելով՝ մահուան կ’ենթարկուիք, մինչ Աստուծոյ հնազանդելով՝ կ’արդարանաք: Գոհութիւն Աստուծոյ, որ թէպէտ ժամանակ մը մեղքին ծառայ դարձած էիք, բայց որովհետեւ սրտանց հնազանդեցաք ձեզի աւանդուած վարդապետութեան օրինակին, մեղքի տիրապետութենէն ազատեցաք եւ արդարութեան ծառայ դարձաք: Ծառայի օրինակով կը խօսիմ, որովհետեւ այդպէս աւելի հասկնալի է ձեզի: Ինչպէս որ ժամանակ մը ձեր մարմինները անօրէնութեան տուած՝ պղծութեան եւ անօրէնութեան կը ծառայէիք, այնպէս ալ հիմա սրբութեան տուէք ձեր մարմինները եւ արդարութեան ծառայեցէք: Երբ մեղքին ծառայ էիք, հեռու էիք արդարութենէն: Ի՞նչ շահեցաք այն ժամա­նակուան ձեր գործերէն, որոնցմէ կ’ամչնաք հիմա. որովհետեւ անոնց հետեւանքը մահ է: Բայց հիմա մեղքին տիրապետութենէն ազատ էք եւ Աստուծոյ ծառաներն էք: Ձեր շահը սրբութեան նուիրուած կեանք մըն է, որուն արդիւնքը պիտի ըլլայ յաւիտենական կեանքը: Որովհետեւ մեղքին վարձատրութիւնը մահ է, մինչ Աստուած որպէս ձրի պարգեւ՝ յաւիտենական կեանք կու տայ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ: