Մեր դպրոցներէն

Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանը (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) 38րդ ուսումնական տարեշրջանը բոլորեց։ Մանկապարտէզի շրջանաւարտից հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 16 Յունիսին, գեղարուեստական յայտագրով եւ վկայականներու բաշխումով։

Մանկապարտէզի շրջանաւարտներն են՝ Արեգ Պապ-Միքայէլեան, Տալիթա Պէլ, Տանթէ Գարպունարի, Խորէն Տեննիկան, Պրէյտըն Տիւհանեան, Արէն Էքմէքճի, Եւա Կիրակոսեան, Արեւ Յակոբեան, Սեւակ Գարակէօզեան, Անի Քէշիշեան, Լարա Քիրէճեան, Ալեքսանդր Գրիգորեան, Լեւոն Լուարասի, Էնտրիւ Մանկիկեան, Նիքլաս Նթասիոս, Էմմա Օրջանեան, Տիանա Օհաննէսեան, Սիլվի Սայիտ, Անիա Սաւօ, Սանահին Արզումանեան Շվարց եւ Լուսինէ Զուրապեան։

Այս հանդիսութեան առիթով, Տ. Անդրանիկ եւ տիկ. Պոյամեան մեծարեցին տիկ. Նորա Հաքէթը, որ հանգստեան կը կոչուի՝ դպրոցի օգնական գանձապահի պաշտօնը վարելէ ետք 21 տարի, Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ գնահատագրով։ Տիկ. Հաքէթի հայրը՝ Երուանդ Գրաֆեան, դպրոցի հիմնադիրներն եղած է։

17 Յունիսին, տեղի ունեցաւ նախակրթարանի շրջանաւարտից հանդիսութիւնը։ Այս տարուան հունձքով, Ս. Ստեփանոսի շրջանաւարտներու թիւը բարձրացաւ 358ի։ Այս տարուան շրջանաւարտներն են՝ Սիրան Առաքելեան, Այգի Արզումանեան, Օլիվիա Տիմոփուլոս, Լոռի Կարպետեան, Լիաննա Իսկէնտէրեան, Ճոզեֆին Քէօմիւրեան, Եւա Խալարեան, Արտա Մահսէրէճեան, Ալին Միքայէլեան եւ Ժիզէլ Թարապելսի։ Տ. Անդրանիկ Ա. Քահանայ իր գնահատանքը յայտնեց տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին իրենց անխոնջ աշխատանքին համար։ Այնուհետեւ, Տէր Հայրն ու տիկ. Պոյամեանը կատարեցին վկայականներու բաշխումը։

Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որ բաղկացած էր ոտանաւորներէ, երգերէ եւ հայկական պարերէ։ Զանազան մրցանակներու շարքին էր Ազգ. Առաջնորդարանի հայերէնի գերազանցութեան մրցանակը՝ Կիլիկիոյ Լեւոն Ա. թագաւորի արծաթեայ դրամը։ Այս պարգեւը ստացան Սիրան Առաքելեան, Այգի Արզումանեան, Ալին Միքայէլեան, Եւա Խալարեան եւ Լիաննա Իսկէնտէրեան։

Տնօրէնուհի տիկ. Հուրի Պոյամեան վեր առաւ այն իրողութիւնը, որ դպրոցը յաջողած էր ուսումնական ծրագիրը ամբողջական գործադրել՝ արտադպրոցական զանազան ձեռնարկներու կողքին, հակառակ համավարակի ստեղծած պայմաններուն։ Տիկ. Պոյամեան շնորհակալութիւն յայտնեց դպրոցի ուսուցչական ու վարչական կազմին, տարբեր մարմիններուն, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեանին, եւ հոգաբարձութեան, ինչպէս եւ ծնողներուն՝ իրենց քաջալերանքին ու աներեր զօրակցութեան համար։

Գնահատելի է, որ հինգերորդ դասարանի շրջանաւարտ աշակերտները, երկու տարուան ընդմիջումէ ետք, մեկնած էին Հայաստան՝ երկշաբաթեայ շրջապտոյտի։ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ անոնց մեկնումի նախօրեակին, հանդիպած էր աշակերտներուն, իր օրհնութիւնը տալու եւ գործնապէս քաջալերելու այսպիսի ձեռնարկներ մեր դպրոցներուն կողմէ։