Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՍՏԵՓԱՆ ՂԱՄԲԱՐԵԱՆ (ծնունդ՝ 23 Յունիս, 1879)

Այս բեղուն գիտնականն ու մանկավարժը կը նկատուի Հայաստանի քիմիագիտութեան դպրոցի հիմնադիր հայրը։ Կրտսեր եղբայրը՝ Պետրոս (1899-1934), կանխահասօրէն մահացած երկրաբան մըն էր, որ իր ուսումը ստացած էր Սորպոնի մէջ, 1920ական թուականներուն։

Ստեփան Ղամբարեան ծնած էր 23 Յունիս, 1879ին, Թիֆլիսի մօտակայ Կոջոռ աւանին մէջ։ Հայրը՝ պետական պաշտօնեայ, գործի բերումով ընտանիքը փոխադրած է Քիեւ՝ 1884ին, եւ ապա՝ Վարշաւիա ու Փրակա։ 1898ին, Ղամբարեան աւարտած է Ռիկայի (Լաթվիա) դասական գիմնազիոնը։ Այնուհետեւ, համալսարանական ուսումը ստացած է Գերմանիոյ մէջ (Միւնիխ, Լայփցիկ եւ Հայտըլպէրկ), 1899-1906ին, եւ  շարունակած է խորացնել իր գիտելիքները, հռչակաւոր գերմանացի դասախօսներու օգնական ըլլալով Սթրազպուրկի, Միւնիխի եւ Պերլինի մէջ (1907-1911)։

Վերադառնալով Կովկաս, նախ աշխատած է Պաքուի ռուսական թեքնիք ընկերութեան քիմիական տարրալուծարանին մէջ (1911-1914) եւ ապա Թիֆլիսի գիւղատնտեսական բաժանմունքի քիմիագիտութեան եւ մանրէակենսաբանութեան տարրալուծարանին մէջ (1914-1920)։ Վրացական մայրաքաղաքին մէջ նաեւ դասաւանդած է կանանց բարրագոյն դասընթացքներու մէջ։  Մասնակցած է Ա. Աշխարհամարտին։

1920ին, Ղամբարեան Երեւան հաստատուած է։ Հիմնած ու ղեկավարած է Երեւանի պետական համալսարանի եւ բժշկութեան, գիւղատնտեսութեան եւ անասնաբուծութեան-անասնաբուժութեան հիմնարկներու օրկանական քիմիագիտութեան ամպիոններն ու տարրալուծարանները (1922-1937)։ Նաեւ եղած է

Պոլիտեխնիկ հիմնարկի քիմիագիտութեան ճիւղի տեսուչ (1930-1931 եւ 1936-1937)։ Հիմնած է Երեւանի քիմիագիտական պարբերականներու առաջին գրադարանը։ 1926ին, փրոֆեսորի տիտղոսը ստացած է, իսկ 1935ին՝ գիտութեան վաստակաւոր գործիչի։ Խորհրդային Գիտութիւններու Ակադեմիայի հայկական մասնաճիւղի նախագահութեան անդամ եղած է եւ օրկանական քիմիագիտութեան բաժնի վարիչ (1937-1937)։ Գիտութեան բերած նպաստին համար, Խորհրդային Միութեան Բարձրագոյն Որակաւորման Յանձնաժողովը առանց աւարտաճառի պաշտպանութեան դոկտորի տիտղոսը տուած։

Ղամբարեան «Նայիրիտ» գործարանի հիմնադիրներէն եղած է (1930-1937)։ Սակայն, հակառակ բոլոր պատիւներուն եւ ծառայութիւններուն, ստալինեան բռնութեան ալիքի զոհ դարձած է 1938ին, երբ մեղադրուելով իբրեւ հակապետական տարր եւ օտար գործակալ, աքսորած է Սեմիփալաթինսկի շրջանը։ 1944ին, իր գործընկերներու ջանքերուն շնորհիւ, անմեղ յայտարարուած է եւ յաջողած՝ Հայաստան վերադառնալ։ Աշխատանքի անցած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի քիմիագիտութեան հիմնարկին մէջ եւ նոյն տարին՝ Ակադեմիայի թղթակից անդամ ընտրուած։ Սակայն, աքսորի տարիները իրենց բաժինը առած էին առողջութենէն, եւ Ղամբարեան իր մահկանացուն կնքած է 7 Մարտ, 1948ին, Մոսկուայի մէջ։ Թաղուած է Երեւան, ուր իր կիսանդրին զետեղուած է Երեւանի պետական համալսարանի մուտքի ճեմասրահին մէջ։