ԿԵԱՆՔ, ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄԸ
«Կը հաստատենք, որ այս ճշմարտութիւնները բացայայտ են, որ բոլոր մարդիկը կը ստեղծուին իբրեւ հաւասարներ, որ անոնք օժտուած են իրենց Արարիչին կողմէ որոշ անզիջելի իրաւունքներով, որոնց շարքին են Կեանքը, Ազատութիւնը եւ Երջանկութեան հետապնդումը»։
Կարգ մը բառեր յաւերժական հնչիւն մը ունին, իսկ Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան Հռչակագիրը շատոնց տեղ գտած է իբրեւ ամենէն գեղեցիկ կերպով շարադրուած պատմական փաստաթուղթերէն մէկը։ Անոր ետին գտնուող երկրի հիմնադիր հայրերու մտաւորական տաղանդէն անդին, որ խօսուն կերպով արտայայտուած է Թոմըս Ճեֆըրսընի եւ Ճոն Ատամզի կողմէ, հռչակագրին յարատեւութեան ուժը աւելի հաւասար, արդար ընկերութեան մը խոստումն է, զոր ամերիկեան ժողովուրդը իրականութեան կ՚աշխատի վերածել 1776էն ի վեր։ Որոշ ազգեր կրնան ներուիլ, երբ կարգ մը ազատութիւններ եւ իրաւունքներ իբրեւ իրողութիւն կ՚ընդունին, բայց ինչպէս աշխարհի պատմութիւնը կ՚ուսուցանէ, պէտք է միշտ արթուն մնանք՝ մեր փայփայած արժէքներուն ի պաշտպանութիւն։ Աստուած օրհնէ Ամերիկան։