Կաթողիկոսարանէն

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

Երկուշաբթի, 4 եւ Երեքշաբթի, 5 Յուլիսին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, Անթիլիասի մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին եւ «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանական ընդհանուր ժողովը։ Ժողովէն բանաւոր բացակայ էին վեց միաբան հայրեր։

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցած ժամերգութեան աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ անցնող քանի տարիներուն Կիլիկեան ուխտի միաբանութեան վախճանեալ միաբաններու հոգիներուն համար։

Այնուհետեւ, Տէրունական աղօթքով սկիզբ առաւ ընդհանուր ժողովի բացման նիստը Վեհարանի դահլիճին մէջ։ Կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի բացատրական խօսքէն ետք, տեղի ունեցաւ ժամանակաւոր եւ մնայուն դիւաններու ընտրութիւն։ Ժամանակաւոր դիւանը կազմեցին միաբանութեան երիցագոյն եւ կրտսերագոյն անդամները՝ Գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեան եւ Հոգշ. Տ. Ազատ Աբղ. Ֆիլիքեան. իսկ մնայուն դիւանը՝ համա-ատենապետներ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան ու Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան. ատենադպիրներ՝ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան եւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան։ Ժողովը նաեւ ընտրեց բանաձեւի յանձնախումբը՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Արք. Չիֆթճեան, Գերպ. Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեան եւ Գերպ. Տ. Շնորհք Ծ. Վրդ. Աշըգեան։ Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը տուաւ իր հայրական պատգամը։

Նորին Ս. Օծութիւնը շեշտեց, որ միաբանական ընդհանուր ժողովի նպատակն է միասնաբար քննել, անդրադառնալ եւ բարձրաձայն մտածել ներկայ ժամանակներու եկեղեցւոյ, եկեղեցականի ու մեր ժողովուրդի կեանքը յուզող խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն մասին։ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ նոր օրերու պայմաններուն, յորդորելով յատկապէս նոր սերունդի միաբանները՝ պահպանել Կիլիկեան միաբանի աւանդական կեցուածքներն ու ըմբռնումները։ Ան շեշտեց նաեւ  միաբան հայրերու միջեւ սիրոյ ու եղբայրութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը:

Երկրորդ նիստին, Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան կարդաց Տնօրէն ժողովի զեկոյցը, իսկ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան՝ կանոնագրութեան զեկոյցը։ Ապա, կատարուեցաւ Տնօրէն ժողովի նոր անդամներու ընտրութիւնը՝ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան, Գերպ. Տ. Փառէն Ծ. Վրդ. Վարդանեան, Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան եւ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեան։

Ժողովը յաջորդական եօթը նիստերու ընթացքին գլխաւոր չորս դասախօսութիւններու, զեկոյցներու եւ քննարկումներու ընդմէջէն մտասեւեռումի նիւթ դարձուց հետեւեալ նիւթերը. ա) «Միաբանութիւն եւ Առաքելութիւն» (Գերշ. Տ. Վարուժան Արք. Հերկելեան եւ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան). բ) «Դպրեվանքի առաքելութեան վերարժեւորում» (Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան եւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան). գ) «Միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական» (Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան). դ) «Գործակցութիւն նուիրապետական աթոռներու հետ» (Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան):

Նիստերու աւարտին, բանաձեւի յանձնախումբը ժողովին ներկայացուց միաբանութեան ծառայական առաքելութեան յառաջիկայ շրջանի ուղեցոյցը, ուր յստակօրէն պարզուած էին Վեհափառ Հայրապետին կատարած ցուցմունքներն ու թելադրանքները։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր եզրափակիչ խօսքով լուսարձակի տակ առաւ Կիլկեան Աթոռի առաքելութեան յատկանշական բնագաւառները։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ հոգեւորականի կեանքին առանցքը կը կազմէ հոգեմտաւոր կազմաւորումը, որպէսզի ան կարողանայ քայլ պահել այսօրուան աշխարհին եւ մեր ժողովուրդի զաւակներու կարիքներուն հետ։ Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց միաբան հայրերուն՝ անոնց մաղթելով յաջողութիւն եւ յարատեւ վերելք իրենց եկեղեցական ու ազգային ծառայութեան ու առաքելութեան մէջ։

Երկօրեայ ժողովը փակուեցաւ «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականի, «Կիլիկիա» օրհներգի եւ «Ի վեհ բարձանց» հայրապետական մաղթերգի երգեցողութեամբ։ Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ու անոր Միաբանութիւնը։