Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՍԱՐԳԻՍ ՄՈՒՐԱԴԵԱՆ (մահ՝ 12 Յուլիս, 2007)

1960-1980ական թուականներուն, նկարիչ Սարգիս Մուրադեան Հայաստանի նկարչութեան յայտնի անուններէն մէկը եղած է։ Պատմական նիւթերով իր գործերը (օրինակ՝ Կոմիտաս Վարդապետ եւ Սարդարապատի ճակատամարտը), ինչպէս նաեւ իր մօտիկ ընկերը՝ Պարոյր Սեւակը ներկայացնող բազմաթիւ նկարները, անոր գործը ծանօթ դարձուցած են։

Մուրադեան ծնած է 23 Յունիս, 1927ին, Երեւանի մէջ։ Յաճախած է Փանոս Թէրլէմէզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարանը (1943-1945) եւ ապա՝ Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկը (1945-1951)։ Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, Հայաստանի Նկարիչներու Միութեան անդամակցած է 1954ին։ Շուտով դարձած է Հայաստանի արուեստի բնագաւառի կարեւոր դէմքերէն մէկը՝ Խրուշչեւի «ձիւնհալ»ի ծաղկուն ժամանակաշրջանին։ Առաջիններէն եղած է, որ Մեծ Եղեռնի նիւթը շօշափած է՝ «Կոմիտասի վերջին գիշերը» յայտնի նկարով (1956)։ 1961ին, գեղարուեսա-թատերական հիմնարկի դասախօս դարձած է, փրոֆեսորի տիտղոսը ստանալով 1981ին։ 1961ին, Հայաստանի վաստակաւոր նկարիչի տիտղոսը ստացած է, 1971ին՝ արուեստի վաստակաւոր գործիչի, իսկ 1978ին՝ ժողովրդական արուեստագէտի։

1976ին, Մուրադեան ստացած է Հայաստանի պետական մրցանակը։ 1982-1987ին, Նկարիչներու Միութեան նախագահն էր, իսկ 1983ին Ռուսաստանի գեղարուեստի ակադեմիայի թղթակից անդամ ընտրուած է։ Պարզութիւնն ու երանգապնակի ժուժկալութիւնը եղած են իր յատկանիշերը, որոնք իրեն արժած են լայն ճանաչում եւ բազմաթիւ մրցանակներ։ Պատմական նկարչութենէն մինչեւ Երեւանի վայրերը՝ Մուրադեան ստեղծած է գեղարուեստական յստակ լեզու մը, որ անոր ընկալման գեղեցիկ բարդութիւնն ու այլազանութիւնը բացայայտած է։ Զանազան նկարներու մէջ, մարդու եւ հայրենիքի կապերը հետազօտած է։ Գործերը ներկայացուած են ցուցահանդէսներու մէջ՝ Հայաստան, Ռուսաստան, Վրաստան, Ուքրանիա, Լեհաստան եւ Ալպանիա։

Նկարիչը յանձնառու մտաւորական մըն էր։ 1965ին Մեծ Եղեռնի 50ամեակի ոգեկոչման աշխոյժ կերպով մասնակցած է։ Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի անդամ եղած է 1985-1990ին, երբ գործօն կերպով մասնակցութիւն բերած է արցախեան շարժումին եւ ապա՝ Հայաստանի անկախութեան գործընթացին։ 1990-1995ին Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր եղած է։ Հիմնած էր «Վերածնունդ» բարեգործական ընկերութիւնը (1989-2005)։

Սարգիս Մուրադեան իր մահկանացուն կնքած է 12 Յուլիս, 2007ին, Երեւանի մէջ, ուր 2014ին անոր անունը կրող պատկերասրահը բացուած է։