Առաջնորդարանէն

«ՄԵԾ ԸՆՏԱՆԻՔ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՃԱՄԲԱՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

«Մեծ ընտանիք» տարեկան ամառնային ճամբարը տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի մէջ 12րդ անգամ ըլլալով։ Նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Արժպ. Տ. Արամ Ա. Քհն. Ստեփանեանին՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Նիւ Պրիթըն, Քընէթիքըթ) պատուակալ հովիւ։ Ճամբարի յայտագիրը 11-14 տարեկան մանուկներուն քրիստոնէական դաստիարակութիւն կը ջամբէ, որուն հետ համադրուած են արուեստ ու ձեռագործ, խաղեր, երգեր ու ներկայացումներ։