Առաջնորդարանէն

«ՄԵԾ ԸՆՏԱՆԻՔ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՃԱՄԲԱՐԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

«Մեծ ընտանիք» 12րդ տարեկան ամառնային ճամբարը վերջ գտաւ Հայաստանի մէջ, մասնակցութեամբ 140 որբ երեխաներու՝ 12էն մինչեւ 16 տարեկան, 20 հոգինոց անձնակազմի աշխատանքով։ Մասնակիցները բաժնուած էին երկու խումբերու, որոնք իրենց աշխատանքները յաջորդաբար կատարեցին 20-28 Յուլիսին եւ 29 Յուլիս-7 Օգոստոսին։ Ճամբարը հիմնած է ու մինչեւ այսօր կը վարէ Արժպ. Տ. Արամ Ա. Քհն. Ստեփանեան՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Նիւ Պրիթըն, Քընէթիքըթ) պատուակալ հովիւ։ Ճամբարի յայտագիրը քրիստոնէական դաստիարակութիւն կը ջամբէ, որուն հետ համադրուած են արուեստ ու ձեռագործ, խաղեր, երգեր ու ներկայացումներ։ Այս տարի եւս, 18 երեխաներ եւ 2 ծնողներ մկրտուած են։