ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ (Ուիայթընզվիլ, Մէսէչուսէթս) եկեղեցւոյ Ս. Գիրքի սերտողութեան մասնակցող տիկին մը իր վկայութիւնը գրի առած է Դիմագիրքի մէջ։ Ան կը գրէ. «Կեանքը երբեմն այնքան հետաքրքրական է ինծի համար։ Հայկական եկեղեցիի մը մօտ կ՚ապրիմ եւ նշմարեցի, որ Երեքշաբթի գիշերները Ս. Գիրքի սերտողութիւն մը ունին։ Հանդիպած եմ անհաւատալի խումբ մը մարդոց, որ Տէր Յիսուսը կը սիրեն ինծի նման։ Թէեւ մեզմէ ոմանք տարբեր եկեղեցիներ կը յաճախեն, բոլորս կը հաւաքուին Երեքշաբթի գիշերները եւ միասին կը սորվինք ու դարձած ենք լաւ բարեկամներ։ Սեպտեմբերին պիտի վերսկսինք։ Եկէ՛ք ու միացէ՛ք մեզի»։