«ՄԱ՛ՅՐ, ՔՈՒ ԱՐԳԱՆԴԸ ՄԻ՛ ՎԵՐԱԾԵՐ ԳԵՐԵԶՄԱՆԻ»
(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 21 Օգոստոս)
Հայ Եկեղեցին գերազանցապէս մեծարելով Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամայրը, ինը օրերու վրայ կը տօնախմբէ անոր երկինք վերափոխումը՝ ամենէն շօշափելի վարձատրութիւնը երկրաւոր հարսին, որ կատարելապէս ինքզինք Աստուծոյ յանձնեց, եւ խօսքով ու գործով Տէրունական աղօթքի «Եղիցին կամք քո» խնդրանքը իր կեանքով իրականացուց։
Այսօրուան Աւետարանի ընթերցումին մէջ ականատես կ՛ըլլանք իրարու հարազատ երկու յղի մայրերու հանդիպումին՝ Սրբուհի Եղիսաբէթի՝ Յովհաննէս Մկրտիչի մօր, եւ Սրբուհի Մարիամի՝ Յիսուս Քրիստոսի մօր, եւ անոնց հոգեթով խօսակցութեան։ Սուրբ Կոյսը հազիւ Եղիսաբէթի տան շեմէն ներս մտած, երբ ողջոյն կու տայ անոր, Սուրբ Հոգիէն առաջնորդուած ՝ Եղիսաբէթ կը բացագանչէ՝ «Կիներուն մէջ օրհնեա՜լ ես դուն եւ օրհնեա՜լ է զաւակը որ կը կրես որովայնիդ մէջ: Ի՜նչ երջանկութիւն, որ Տիրոջս մայրը ինծի կ’այցելէ. որովհետեւ երբ ողջոյնդ լսեցի, երեխաս ուրախութեամբ շարժեցաւ որովայնիս մէջ: Երանի՜ քեզի որ հաւատացիր, որովհետեւ Աստուծոյ կողմէ քեզի ըսուածները պիտի կատարուին» (Ղկ 1.39-56): Աստուածամայրը շնորհալի պատասխան տալով, կ՛ըսէ. «Տէրը պիտի գովաբանեմ. Ահա հոգիս կ’ուրախանայ Աստուծմով, իմ Փրկիչովս, որովհետեւ ան տեսաւ իր աղախինին հեզութիւնը…»։
Այս պատումը, որքան ալ նպատակադրուած է մեր հաւատքը ամրացնելու՝ մարդացեալ Աստուածորդւոյն սրբազան առաքելութեան սկզբնական պրիսմակէն դիտուած, յամենայն դէպս, երբ տարբեր տեսանկիւնէ մօտենանք անոր, հոյակապ մանրամասնութիւն մըն է՝ իւրայատուկ բոլոր անոնց, որ կը մայրանան։ Ուստի, հետեւեալ մտածումները կը բաժնեմ։
ա. Ղուկաս Աւետարանիչ՝ ասպարէզով բժիշկ մը, ճարտար կերպով արձանագրած է իւրայատուկ դէպքեր, որոնք Աստուած առաւել եւս կը մօտեցնեն մարդոց, որպէսզի անոնք նիւթական աշխարհէն վեր բարձրանալով, կարենան թափանցել կեանքի վեհ խորհուրդին, որ սկսաւ աստուածային սիրով։ Ասոնցնէ մին է սուրբ Կոյս Մարիամին այցը Եղիսաբէթին։
Ծանօթ ասացուածք մը՝ «իրաւ բարեկամը նեղութեան մէջ երեւան կու գայ» ընդհանրապէս հասկցուած է որպէս զգացական, նիւթական, ընկերային կամ այլ տագնապներու մէջ յայտնուած իրականութիւն։ Սակայն, ունի նաեւ դրական կողմ եւս, երբ կ՛ուզենք բաժնեկցիլ անակնկալ ուրախութիւններ ու յաջողութիւններ ճշմարիտ բարեկամի հետ։ Բայց ո՞վ է ճշմարիտ բարեկամը։ Առ հասարակ, վստահելի բարեկամ կը նկատենք կա՛մ եղբայր-քոյր մը, կա՛մ հասակակից մէկը, որուն հետ ունեցած ենք խիստ անձնական փորձառութիւն։ Այս պարագային, վստահելին ո՛չ մէկն է եւ ո՛չ ալ միւսը, այլ մօրաքոյր մըն է։ Յաճախ կը կարծուի թէ պիտի չհասկցուինք կամ պիտի քննադատուինք, հետեւաբար կը զգուշանանք մեր անձնական հարցերը բաժնել երէցի մը հետ՝ ըլլայ ծնողք կամ ազգական։ Սակայն, Սուրբ Կոյսը, առաջնորդուած Սուրբ Հոգիէն, զերծ ըլլալով այս բարդոյթէն եւ անտեսելով սերունդներու տարբերութիւնը, կը փութայ հանդիպելու իր մօրաքրոջ։
բ. Աստուածամայրը, անմիջապէս որ Եղիսաբէթի տունը ոտք կը կոխէ եւ ողջոյն կու տայ, ինքզինք երազի մէջ կը զգայ, երբ կը դիմաւորուի հիասքանչ պատասխանով մը. «Կիներուն մէջ օրհնեա՜լ ես դուն եւ օրհնեա՜լ է զաւակը որ կը կրես որովայնիդ մէջ»։ Ինչպէ՞ս Եղիսաբէթը գիտցաւ, ո՞վ յայտնեց անոր իր յղութիւնը. ահա այս հարցումները կը զարմացնեն զինք, մինչեւ որ Եղիսաբէթի օրհնանքով լի բացագանչութիւնը Մարիամի վստահութիւնը առաւել եւս կ՛արմատացնէ, այն աւետիսը որ ստացած էր Հրեշտակէն։
գ. Եղիսաբէթի խոստովանութիւնը, թէ «օրհնեա՜լ է զաւակը որ կը կրես որովայնիդ մէջ», որքան ալ մարգարէական շունչով ուղղուած էր մարդացեալ Աստուածորդւոյն, յամենայն դէպս իր մէջ կը բովանդակէ բոլոր դարերու յարմարող ճշմարտութիւն մը։
Որովայնը հրամայական դերակատարութիւն ունի ծննդագործութեան մէջ, որով կ՛ապահովէ շարունակականութիւնը եւ լրումը Աստուծոյ առաջին պատուիրանին, թէ՝ «աճեցէք եւ բազմացէք» (Ծն 1.28)։ Ատիկա նուիրական սրբազնավայրն է, ուր Աստուծոյ շունչը՝ որ արարչագործութեան ժամանակ հողին կենդանութիւն տուաւ, կը շարունակէ նոյնը ընել, եւ աստուածային սէրը կը շարունակուի մարդկային սիրոյն միջոցաւ։
Ծննդագործութիւնը մաս կը կազմէ աստուածային յաւերժական ծրագրին։ Հետեւաբար, որեւէ միջամտութիւն կասեցնելու կան քանդելու այդ ընթացքը, յստակօրէն արդիւնք է նախաչարին, որ պատմութեան ամբողջ ընթացքին գործիք դարձուցած է մարդկութիւնը չարիք հասցնելով չծնածներուն, ինչպէս նաեւ նորածիններուն։ Արդարեւ, Յիսուսի ծնունդէն անմիջապէս ետք, Չարը մտնելով Հերովդէսի սիրտը, սպաննել տուաւ Բեթղեհէմի մէջ բոլոր ծնած երեխաները, ինչպէս նաեւ իրենց մօր որովայնին մէջ անծինները (Մտ 2.16-18)։ Իսկ մեր ժամանակներուն, ան կը գործէ բոլոր անոնց մէջ որոնք ազատ կամքը շփոթելով ազատ ընտրութեան հետ, կ՛արդարացնեն իրենց իսկ սրբավայր որովայնին մէջ անծին երեխաներու ճակատագիրը որոշել, վերջ տալով անոնց աստուածապարգեւ կեանքին, առանց անդրադառնալու թէ Աստուծոյ պատուէրին դէմ կը գործեն, որ է աճեցնել ու բազմացնել երկիրը եւ ո՛չ թէ սպաննել (Ելք 20.13)։
Անուրանալի ճշմարտութիւն է, թէ սաղմը իր մէջ կը պարունակէ նոր կեանք մը եւ այս աշխարհին մէջ նոր անձի մը ծնունդին երաշխիքն է։ Մայր բնութիւնն իսկ մեզի կը սորվեցնէ, թէ հողին մէջ ցանուած սերմը իր մէջ կը կրէ ապագայի ծաղիկի, թուփի կամ ծառի խոստումը։ Որեւէ հանգրուանի, թէկուզ ցանքէն անմիջապէս ետք, երբ կարկուտի, փոթորիկի, ողողումի կամ այլ պատճառաւ սերմը/հունտը փճացուի, կորուստը մեծ տխրութիւն կը պատճառէ։ Նոյնպէս, Քրիստոնէական մեր հաւատքը կը պատգամէ մեզի, թէ մարդկային կեանքը իր աղբիւրը ունենալով զԱստուած, ճամբորդութիւն մըն է որ մայրական օրհնեալ արգանդին մէջ սկիզբ կ՛առնէ սերմի եւ ձուի միաւորումով, հետզհետէ կը կազմաւորուի եւ օրգանական (organically) իր առանձնայատկութիւնը կ՛ունենայ , եւ վերջապէս ծնունդի ժամանակ իր անկախութիւնը կը գտնէ, յորմէ հետէ աստիճանաբար կ՛աճի ու կը զարգանայ համաձայն Աստուածային տնօրինութեան։
Բոլոր անոնք, որ կը մտածեն, թէ գիտակցաբար կը գործածեն իրենց ազատութիւնը՝ խողխողելով իրենց որովայնին մէջ անծին երեխաները, խորքին մէջ անգիտակցաբար կը քալեն ստրկութեան մեղանչական մութ ձորին մէջ։ Քարոզի մը սահմաններուն մէջ միայն կ՛աղաչենք մեր բոլոր հաւատացեալ քոյրերուն եւ կ՛ըսենք.
Արթնցէ՛ք։ Ազատութիւնը գործածեցէք ո՛չ թէ կեանքեր փճացնելով սրբավայր ձեր արգանդներուն մէջ, այլ Արարչին գործակից եղէք։
Արթնցէ՛ք։ Երկրաւոր դատաւորի մը չէ որ հաշիւ պիտի տաք արդարացնելու յանուն կնոջական ազատութեան գործուած ոճիր մը, այլ երկնաւոր անաչառ Աստուծոյ արդար դատաստանին պիտի ներկայանաք անարդարանալի արիւնոտած եւ անմաքրելի խիղճով։
Զգաստացէ՛ք։ Լսեցէ՛ք ձեր անծին երեխաներուն անհունչ աղիողորմ կանչը՝ «Մա՛յր, մի՛ ըլլար դահիճս, եւ քու սուրբ արգանդը մի՛ վերածեր ողբալի գերեզմանի…»։
դ. Եղիսաբէթի բացագանչութիւնը, թէ «երբ ողջոյնդ լսեցի, երեխաս ուրախութեամբ շարժեցաւ որովայնիս մէջ» անզուգական ուրախութիւն մըն է, որ կը վայելեն բոլոր անոնք, որ առանձնաշնորհուած են մայրանալու։ Հոյակապ եւ գողտրիկ այս մանրամասնութիւնը, որ Ղուկաս Աւետարանիչ կը փոխանցէ մեզի, լուսարձակի տակ կը բերէ այն ճշմարտութիւնը, թէ անծինները ապրող երեխաներ են, եւ ինչպէս արդի գիտութիւնն ու հոգեբանութիւնը կը հաստատեն, անոնք կրնան սորվիլ նոյնիսկ «որովայնի-պարտէզին» մէջ։
Աւետարանիչ, բայց նաեւ բժիշկ Ղուկասի այս երախտարժան յանձնարարագրով, բոլորս ալ հոգատար ըլլանք ամէն բանի որ Աստուած մեզի վստահած ու տնտես կարգած է։ Սրբազան Պատարագի բառերուն անդրադառնալով, որ ամէն ինչ Աստուծմէ մեզի տրուած է եւ դարձեալ իրեն կը վերադարձնենք, երախտապարտ սրտով ըսենք «զքոյս ի քոյոց Քեզ մատուցանեմք», եւ փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը՝ Ամենակալ Հայրը որ կը սրբագործէ կեանքը, Միածին Որդին որ կը բաշխէ կեանքը, եւ Սուրբ Հոգին որ կը կատարելոգործէ կեանքը։ Ամէն։