ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻ ՈՒԹՕՐԷՔ ՈՒԱՅԹԸՆԶՎԻԼԻ ՄԷՋ
Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնի ութերորդ օրը, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պատարագեց ու քարոզեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (Ուայթընզվիլ, Մէսէչուսէթս)։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մասնակցեցաւ համայնքի տարեկան դաշտագնացութեան՝ աւելի քան 700 հոգիի մասնակցութեամբ։ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս նախագահեց Խաղողօրհնէքի արարողութեան, որուն մասնակցեցան Արժպ. Տ. Միքայէլ Քհն. Տէր Խոսրովեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան՝ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Ուստըր, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ, Արժպ. Տ. Պետրոս Քհն. Շիթիլեան՝ Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ (Ինտիըն Օրչըրտ, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ, եւ Արժպ. Տ. Արամ Ա. Քհն. Ստեփանեան՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Նիւ Պրիթըն, Քընէթիքըթ) պատուակալ հովիւ։ Սրբազան Հայրը երախտապարտութիւն յայտնեց առ Տիրոջ գեղեցիկ եղանակին համար եւ համառօտ բացատրութիւն մը տուաւ Անդաստանի արարողութեան մասին։ Ճաշի պատրաստութիւնը ստանձնած էին եկեղեցւոյ անդամներ։ Դաշտագնացութիւնը դարձեալ մեծ յաջողութիւն մըն էր համայնքին համար։