Կաթողիկոսարանէն

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 11-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ) 11-րդ համաժողովը սկսաւ Չորեքշաբթի, 31 Օգոստոսին, Գերմանիոյ Քարլսրու քաղաքին մէջ: Կազմակերպութիւնը հիմնուած է 1948ին, եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութիւնը եւ տուեալ ժամանակաշրջանի դժուարութիւններն ու տագնապները դիմագրաւելու եւ քննարկելու յարմար միջավայր մը ստեղծելու նպատակով։

Եօթը տարին անգամ մը գումարուող համաժողովին կը մասնակցին աշխարհի զանազան շրջաններէ Խորհուրդի աւելի քան 300 անդամ եկեղեցիներ՝ իւրաքանչիւրը իր աշխարհագրական ներկայութեան եւ թուային պատկերին համաձայն:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը 1962 թուականէն ի վեր Ե.Հ.Խ.ի գործօն անդամ եղած է: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իրերայաջորդ երկու ընտրաշրջան (1991-2005) վարած է Խորհուրդի Կեդրոնական ու Գործադիր վարչութիւններու ատենապետութիւնը։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն. Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Գերշ. Տ. Գեղամ. Արք. Խաչերեան, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեան, Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան, փրոֆ. Թենի Փիրի-Սիմոնեան, Սեդա Խտըշեան, դոկտ. Նորա Գապագեան-Պայրագտարեան, Վանա Կիտցինեան, Թամար Գանարեան (ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Ազգ. Վարչութեան ատենադպրուհի) եւ Արազ Գոճայեան։