Կիրակի, 11 Սեպտեմբերին, Սուրբ Խաչի վերացման տօնին առթիւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պատարագեց ու քարոզեց Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ (Ուստըր, Մէսէչուսէթս)։ Քարոզէն առաջ, համայնքը դիմաւորեց նորոգ օրհնուած Սրբալոյս Միւռոնը եւ կատարուեցաւ Ջրօրհնէք։ Այս առթիւ, Սրբազան Հայրը պարգեւատրեց Վազգէն Սարկաւագ Եաղմուրեանը Աւագութեան տիտղոսով՝ առ ի գնահատութիւն անոր բազում տարիներու հաւատարիմ ծառայութեան։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, տեղի ունեցաւ Անդաստանի արարողութիւն, Ռեհանօրհնէք եւ եկեղեցւոյ սպասներու օրհնութիւն։
Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տօնախմբուեցաւ եկեղեցւոյ 88րդ տարեդարձը։ Ատենապետուհին՝ դատաւոր Ժագլին Կրինհոլ, բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն, յայտնեց որ այս ամեակը լաւագոյն գրաւականն է համայնքի կեանքի վերաշխուժացման, յոյսի եւ ցնծութեան։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Գերապատիւ Տէր Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան, շեշտելով ծառայութեան կենսականութիւնը համայնքի վերելքին համար, հրաւիրեց ծխականները շարունակելու իրենց անսակարկ գործակցութիւնը։ Այս առթիւ, Սուրբ Խորանին ծառայող սարկաւագներուն եւ դպրաց դասի անդամներուն յատուկ նուէրներ բաշխեց։
Հուսկ ապա, Առաջնորդ Հայրը վեր առաւ գաղութէն ներս տիրող համերաշխութեան եւ համագործակցութեան ոգին։ Բարձրօրէն գնահատեց Հայր Սուրբը, որ քանի մը ամիս առաջ հովիւ նշանակուած ըլլալով այս գաղութին, կարճ ժամանակամիջոցին դրական եւ քաջալերական բարեփոխութիւններ բերած էր համայնքի կեանքին մէջ՝ հոգաբարձութեան եւ յարակից Մարմիներու գործակցութեամբ, եւ շնորհաւորեց համայն գաղութը, որ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ, շաբաթ մը առաջ հիւրընկալած էր ՀԵԴի 88րդ ողիմպիական խաղերը։
Հիւրաբար ներկայ գտնուող Ուայթընզվիլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տ. Միքայէլ Քհն. Տէր Խոսրովեանի «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա» երգով փակուեցաւ օրուան տօնախմբութիւնը։