ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ՃԱՆՉՆԱԼ ԵՒ ՀԱՆՃԱՐԻ ԽՕՍՔԸ ԻՄԱՆԱԼ
Յայտնի չէ, թէ ինչո՞ւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի գրած հայերէն առաջին նախադասութիւնը Առակաց Գիրքի ծանօթ խօսքն էր՝ «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ», Աստուածաշունչի թարգմանութեան ձեռնարկելու պահուն։
Յամենայնդէպս, այդ առաջին բառերը վճռական դարձան մեր ազգի ճակատագրին համար ու դարբնեցին անոր նկարագիրը։ Անոնք հայոց գրականութեան ու մշակոյթի Ոսկեդարու հիմը դրին։
Այս ձեռնարկումին ծաւալը պարզապէս զարմանալի է։ Հայերէն Սուրբ Գիրքի հոգեւոր լուսաւորութեան զուգահեռ՝ հիներու իմաստութիւնն ու Աստուծոյ խօսքը մեր սեփական լեզուով ընծայելով ժողովուրդին, պետութիւնը հանրային դպրոցներու համակարգ մը հաստատեց՝ անոր գրագիտութեան զարկ տալու համար։ Երբ թարգմանութիւններու թագուհին ամբողջացաւ, գրականութիւնը ծաղկեցաւ երկրին մէջ, եւ այս դարաշրջանը շարունակուեցաւ՝ իր գագաթնակէտին հասնելով Գրիգոր Նարեկացիի գրիչին շնորհիւ, մինչեւ որ թրքական հորդաներուն վայրենաբարոյ ժամանումը աւեր բերաւ մեր երկրին, ու անոր հետ՝ խաւարամտութիւն, անգրագիտութիւն, կործանում ու անկում, որոնք նախորդեցին 19րդ դարու Զարթօնքին։
Այժմ կը գտնուինք նման կացութեան առջեւ, որուն սպառնալիքը կը կարդան մեր երկրին հազարամեայ թշուառութիւն ու մահ բերողներուն ժառանգորդները։
Թշնամիի զէնքերուն դէմ չենք կրնար պայքարիլ գրիչներով։ Մեզի տրուած դասը այդ չէ։ Անմիջական ու գոյութենական հոգեր կան, որոնք անմիջական լուծում կը պահանջեն։ Այսուհանդերձ, Մաշտոցի օրերու Հայաստանի (տարածքով շատ աւելի մեծ) աշխարհաքաղաքական իրավիճակը դիւրամարսելի բան չէր։ Հռոմէական ու պարսկական կայսրութիւններուն միջեւ թակարդուած հայկական պետականութիւնը հարկադրուած էր հաւասարակշիռ կեցուածք պահելու։ Յուզումի ու ցաւի այս օրերուն ծանօթ երեւոյթ կը թուի։
Ժամանակն է, սակայն, ինչպէս Ոսկեդարուն, որ տաղանդաւոր մեր այրերն ու կիները իրենց ճիգերը միացնեն մեր Եկեղեցւոյ կաթողիկոսներուն եւ մեր անկախ պետականութեան ղեկավարներուն՝ ներկայ տագնապէն դուրս գալու ճանապարհը գտնելու։ Մաշտոց առանձին չէր իր առաքելութեան մէջ։ Կը վայելէր հոգեւոր եւ քաղաքական իշխանութիւններու գործօն աջակցութիւնը, եւ անտրամաբանական չէ մտածել, թէ անոր սխրանքը անկարելի պիտի ըլլար առանց Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետի եւ Վռամշապուհ թագաւորի զօրակցութեան։ Անոր հրաշքը՝ խորհրդանշաններն ու հնչիւնները զուգորդող համակարգի մը ստեղծումր, մեր ինքնութիւնը կերտեց։ Հայոց տառերու կերպարանքը մեր ազգի կաղապարը չափագրեց։
Վստահաբար այսօր բաղդատելի սխրանքներ կրնանք իրագործել։ Որքա՜ն տպաւորիչ է, որ կրնանք մեր պատմութեան քրիստոնէական դարաշրջանի առաջին դարերուն ապրած կերպարներ յիշել, որոնց իրագործումներն ու յաղթանակները կը պահեն իրենց այժմէականութիւնը եւ յառաջանալու ուղեգիծ մը ցոյց կու տան։