Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

«ԱՄԷՆ ԲԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՓԱ՜ՌՔ ՔԵԶԻ, ՏԷՐ»

(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 30 Հոկտեմբեր)

Այսօր, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Վերացման Սուրբ Խաչի տօնին ութերորդ Կիրակին աւետարանական ընթերցում նշանակուած է Ղկ 22․15-24, ուր աւետարանիչը կը ներկայացնէ շատ դիպուկ պարագայ մը։ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս մինչ կը քարոզէր տան մը մէջ, մայրը եւ եղբայրները կու գան զինք տեսնելու, բայց բազմութեան պատճառաւ չեն կրնար մօտենալ Իրեն։ Երբ կ՛իմացնեն Վարդապետին, թէ հարազատները դուրսը կը սպասեն, Ան կ՛ըսէ․ «Իմ մայրս, եղբայրներս ու քոյրերս անոնք են որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը գործադրեն»։

Շատ զարմանալի թուացող այս պատասխանը կրնայ առաջին հերթին շփոթեցուցիչ հնչել, այնուամենայնիւ, երբ մեր Տիրոջ տեսսանկիւնէն փորձենք դիտել ու հասկնալ, պիտի տեսնենք  թէ շատ բնական եւ հարազատ է Իր առաքելութեան։

Աւետարանական պատգամի կողքին կ՛ուզեմ անդրադառնալ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան հայրապետին, որուն տօնն էր երէկ, եւ որ Ընդհանրական եւ ի մասնաւորի Հայ Եկեղեցւոյ մէջ Քրիստոնէական հաւատքի ջատագով Հայրերու համաստեղութեան մէջ ունի իր իւրայատուկ տեղը։ Անոր թողած հոգեւոր գրականութիւնը, ասուածաբանական թէ սուրբ գրային գիտութեան, հոյակապ շտեմարան մըն է, եւ կարգ մը գործերը վերապրած են շնորհիւ Ոսկեդարու հայերէն թարգմանութեան։ Այստեղ կ՛ուզեմ սուրբին ամփոփ վարքը ներկայացնելէ ետք, կարգ մը մտածումներ բաժնել, որոնք կրնան ներշնչել մեզ։

ա․ Յովհան Ոսկեբերան, 21 տարեկանին Քրիստոսի լոյս հաւատքը ընդունելով ու մկրտուելով 361 թուականին, հօրենական ժառանգէն եւ իրաւաբանական խոստմնալից ասպարէզէն հրաժարելով, կ՛առանձնանայ քարանձաւի մը մէջ եւ ինքզինք կը նուիրէ Աստուածաշունչ մատեանի ուսումնասիրութեան:  Կուսակրօնութեան կարգը ստանալով 381ին, շուտով իր համբաւր կը տարածուի որպէս բացառիկ քարոզիչ, արժանանալով Ոսկեբերան մակդիրին։ 397ին կ՚ընտրուի Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք։ Կոստանդնուպոլիս, որպէս բիւզանդական կայսրութեան մայրաքաղաք, սկսած էր դառնալ ցոփ ու շռայլ կեանքի կրկէս մը։ Ոսկեբերան հայրապետի Աւետարանի պատգամով սփռուած հրաւէրները՝ հեռու մնալու ընկերութիւնը ապականող ախտերէ, ինչպիսիք են չարաշահութիւնը, զեղծարարութիւնը, անիրաւութիւնը, եւն,  կը խռովեն մեծահարուստներու, ղեկավարներու, բայց մանաւանդ արքունիքի անդորրը, ի մասնաւորի Եւդոկիա կայսրուհիին, որուն անսանձ քմահաճութիւնը անցած էր ամէն չափ ու սահման։  Արդարամիտ Պատրիարքը, քօղազերծելով թագուհիին խենէշ կեանքը, չի վարանիր զայն նմանցնելու Հերովդիադա թագուհիին, ըսելով. «Հերովդիադան դարձեալ կը բորբոքի, Սողոմէն դարձեալ կը պարէ եւ կը խնդրէ Յովհաննէսի գլուխը» (տե՛ս Մտ 14.1-12): Վճիռը չ՚ուշանար. Պատրիարքը գահընկէց կ՛ըլլայ ու կ՛աքսորուի։ Շրջան մը կը մնայ Հայաստան եւ ապա ամառնային կիզիչ արեւու տակ քալելով կ՛ուղղուի Կոկիսոն, Սեւ ծովու եզրին։ Նախազգալով իր վախճանը, վերջին պատարագը կը մատուցէ Սուրբ Բարսեղ անուն վկայի մատրան մէջ, ուր սուրբը երազին մէջ կը յայտնուի իրեն նախորդ գիշերը։ Սրբակեաց Հայրապետը 14 Սեպտեմբեր, 407ին՝ Սուրբ Խաչի Վերացման տօնի օրը, յաւարտ Պատարագի իր կեանքը կը կնքէ «փա՜ռք քեզի, Տէր, փա՜ռք Քեզի, ամէն բանի համար փառք Քեզի, Տէր» գոհաբանական աղօթասացութեամբ։

բ․ Յովհան Հայրապետի հրաժարումը իր հարստութենէն ու ասպարէզէն, եւ լրիւ ինքզինք նուիրելը Աստուածաշունչ մատեանի սերտողութեան, կ՛ապացուցէ իր համոզումը, թէ Աստուծոյ խօսքը մարդուս կենսական պահանջքները լաւագոյնս կը գոհացնէ։

Աստուածաշունչը սոսկ գիրք մը չէ, այլ Աստուծոյ շունչով եւ իմաստութեամբ մեր գոյութիւնը իր գերագոյն նպատակին համար ապրելու անզուգական ու գործնական ուղեցոյց մըն է, որ համապարփակ կերպով կը բովանդակէ կեանքը համարեայ իր բոլոր երեսներով։ Ճիշդ է, թէ քարանձաւի մէջ Յովհան առանձնակեացը հեռու էր ընկերութենէն, սակայն Աստուածաշունչի ընդմէջէն կեանքը իր անցեալով, ներկայով ու ապագայով անմիջական կերպով մատչելի իրականութիւն էր, որով կը հաղորդակցէր ընկերութեան հետ եւ կ՛աղօթէր աշխարհին համար։

գ․ Ժողովուրդը բնածին զգայնութիւն մը ունի, որով կը ճանչնայ Աստուծոյ վճիտ խօսքին պատգամաբերը։ «Ոսկեբերան» մակդիրը, որ ժողովուրդը իրեն տուած էր, հարազատօրէն կը ցոլացնէր իր Աստուածատուր պարգեւը, որովհետեւ Աստուծոյ անաղարտ խօսքը կը հնչեցնէր,  ինչպէս կ՛ընէին մարգարէները առհասարակ։

Աստուծոյ խօսքի պատգամաբեր ըլլալու ամենէն բացայայտ նշանը, Պօղոս Առաքեալի վկայութեամբ, յստակ է՝ «եթէ մարդոց հաճելի պիտի ըլլայի, Քրիստոսի ծառայ չէի կրնար ըլլալ» (Գղ 1.10)։ Ահա թէ ինչու ընկերային յոռի բարքերու դիմաց Ոսկեբերան հայրապետի սուրի նման հատու քննադատութիւնները անհաճոյ կը թուէին ոմանց։

դ․ Սուրբին կեանքը որքան որ օրինակելի է, սկսեալ իր Մկրտութենէն ու աշխարհի ունայնութիւններէ հրաժարումէն մինչեւ իր հոգեմտաւոր ստեղծագործութիւնն ու իր ոսկեայ քարոզները, նոյնքան եւ ներշնչիչ է այս աշխարհէն հրաժարումէն իր ողջոյնի փառատրութիւնը՝ «Փա՜ռք քեզի, Տէր, ամէն բանի համար փա՜ռք Քեզի»։ Աշխարհիկ հասկացողութեամբ կեանքի յաջողութեանց, երջանկութեանց, փառքի ու պատիւի մէջ լողացող անձի մը հաստատումը չէ ասիկա, այլ անիրաւութեան, հալածանքի ու անողոք չարչարանքի ձորը կտրող եւ իր դժխեմ վախճանը դիմաւորող հաւատացեալի մը հաւատքի արտայայտութիւնն է, որով Աստուծոյ ներկայութիւնը կը վայելէ միշտ, որովետեւ Պօղոս Առաքեալի խօսքով «ոչինչ կրնայ  բաժնել հաւատացեալը Աստուծոյ սէրէն» (Հռ 8․58)։

Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետը այսօր կու գայ մեզի յայտնելու, թէ Քրիստոսի պատգամով ամէնքս կրնանք կեանքի մեր ուղիով ըլլալ Քրիստոսի եղբայրներն ու քոյրերը, այնքան ատեն որ իւրաքանչիւր ոք իր կեանքին մէջ կը լսէ ու կը գործադրէ Աստուծոյ խօսքը։  Ուստի, մե՛նք եւս լսենք, բայց մանաւնդ Սուրբ Հոգիի զօրութեամբ գործադրենք Իմաստութիւն Հօր Յիսուսի խօսքերը, փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։