Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ՆՈՐ ՏՆՕՐԷՆ ԿԸ ՓՆՏՌԷ
Սուրբ Ստեփանոս Ազգային Վարժարանը կարիքը ունի պատրաստուած եւ փորձառու ՏՆՕՐԷՆի մը, որուն գլխաւոր պարտականութիւնը պիտի ըլլայ նուիրումով եւ յանձնառութեամբ դպրոցի առաքելութիւնը իրագործել;
Սուրբ Ստեփանոս Ազգային Վարժարանը Հայկական-Ամերիկեան հաստատութիւն մըն է, որ կը ձգտի գերազանց ուսում մատուցանել իր աշակերտներուն: Մանկամսուրին ուսումնական ծրագիրը կը դաստիարակէ աշակերտը իր ամբողջականութեան մէջ եւ կը զարգացնէ անոր մօտ Հայերէն լեզուն եւ մշակոյթը: Նախակրթարանի նիւթերը կը դասաւանդուին Անգլերէնով իսկ Հայերէն լեզուն, հայոց պատմութիւնը եւ կրօնը կը դասաւանդուին Հայերէնով, աշակերտներուն մօտ ստեղծելով հետաքրքրութիւն հայ մշակոյթի եւ սովորութիւններուն հանդէպ:
Տնօրէնի Պատասխանատուութիւնները
Ընդհանուր Պատասխանատուութիւններ
-Կը ծառայէ իբրեւ դպրոցին գլխաւոր տեսուչը.
-Կը յարգէ եւ յարգել կու տայ դպրոցի օրէնքները. ըստ կարիքին կը ստեղծէ նոր օրէնքներ.
-Կը վարէ դպրոցի առօրեայ գործերը.
-Խորհրդապահութեամբ Կը պահէ արխիւներոը եւ հաղորդագրութիւնները Դատողութեամբ կը փոխանցէ հարկ եղած տեղեկութիւնները.
-Կը ծրագրէ եւ կը վարէ արտադասարանային դասընթացքները եւ երկարօրեայ ծրագիրը.
-Կը գործակցի դպրոցը որակաւորող կազմակերպութեան (AISNE)-ի հետ եւ կ՛իրականացնէ անոնց յանձնարարութիւնները.
-Կը յարգէ եւ յարգել կուտայ ապահովութեան եւ առողջապահութեան օրէնքները.
-Կը ստանձնէ այլ պարտականութիւններ ըստ կարիքին.
Վերահսկողութիւն
-Վերատեսութեան կ՛ենթարկէ Անգլերէն եւ Հայերէն ուսումնական ծրագիրները դպրոցի Կրթական Յանձնախումբին հետ.
-Կը տեսակցի, կ՛ընտրէ եւ կը մարզէ նոր պաշտօնեաները.
-Կը հսկէ, կը գործակցի եւ նեցուկ կը կանգնի Մանկամսուրի տնօրէնին.
-Կը կատարէ ուսուցիչներուն եւ վարչական կազմի անդամներուն արժեւորումը.
-Կը Վարէ ուսուցչական ժողովները:
Յարաբերական Աշխատանք
-Կը հաղորդէ եւ կը հարկադրէ դպրոցի օրէնքներն ու գործելակերպը աշակերտներուն, պաշտօնէութեան եւ ծնողներուն.
-Կը գործակցի դպրոցի յանձնախումբերուն հետ եւ կը մասնակցի անոնց ժողովներուն մասնաւորաբար Դպրոցի Խնամակալութեան եւ Կրթական Մարմնին հետ.
-Զօրաւոր կապ կը ստեղծէ դպրոցին, ծնողներուն եւ գաղութին միջեւ, ինչպէս նաեւ ներկայ կ՛ըլլայ հանրային ձեռնարկներուն.
-Զանազան տեղեկատուութիւններ կը պատրաստէ ծնողներուն, եկեղեցւոյ, թերթերուն եւ հայ համայնքին համար.
-Կապ կը հաստատէ մօտակայ սեփական եւ պետական դպրոցներուն հետ, գլխաւորաբար Ուաթըրթաունի Պետական դպրոցներուն եւ Նիւ Ինկլընտի Անկախ Վարժարաններու Կազմակերպութեան (AISNE)-ի անդամ դպրոցներու հետ.
-Կը Կազմակերպէ Հանդէսներ զանազան առիթներով, ինչպէս՝ Մշակոյթի Օրուայ, Ծնունդի եւ Ամավերջի Հանդէսները.
-Յարաբերութիւն կը մշակէ ապագայ նուիրատուներու հետ
Նուազագոյն Որակաւորումներ
– Մանկավարժութեան Մագիստրոսի Տիտղոս.
– Լաւատեղեակ Հայերէն եւ Անգլերէն լեզուներուն.
-Լաւատեղեակ Ամերիկայի եւ Մասաչուսէց Նահանգի Կրթական ծրագիրներուն.
-Վարչական Աշխատանքի, Ուսումական Ծրագրի եւ Դասաւանդման մէջ.
Փորձառութիւն
-Նուազագոյն 10 տարուայ Փորձառութիւն:
Հատուցումներ
– Ընդհանրականօրէն ընդունուած վարձատրութիւն.
– Առողջապահական եւ ատամնաբոյժական ապահովագրութիւն.
-403 B Հատուցում.
Ինչպէ՞ս Դիմել
Հետաքրքրուողները պէտք է անմիջապէս ներկայացնեն.-
- Նամակ եւ Կենսագրական գծեր.
- Բացատրողական մը ղեկավարելու ձեր մօտեցումին մասին.
- Երեք հաստատագրեր:
Հաճեցէք ձեր դիմումնագրերը ղրկել careers@ssaes.org.