Խմբագրական

ՄԻԱՅՆ ԿՐՆԱՆՔ ԱՊԱՒԻՆԻԼ ՄԵՐ ՈՒԺԵՐՈՒՆ

Արցախը Դեկտեմբեր 12ին շրջափակման ենթարկուած է Ատրպէյճանի կողմէ, աշխարհի անտարբեր աչքերուն առջեւ։ Աւելի՛ն. Եւրոպական Միութիւնը, իր նախագահին՝ Ուրսուլա ֆոն տէր Լայընի նախաձեռնութեամբ, ելեկտրական մատակարարման համաձայնագիր կնքած է Իլհամ Ալիեւի ցեղասպան վարչակարգին մէջ, մինչ Արցախի մէջ ծանր հիւանդ մը իր մահկանացուն կը կնքէր, որովհետեւ Հայաստան չէր կրնար երթալ շտապ բուժման համար, իսկ 120.000 արցախցիներ հետզհետէ կը մատնուին ամենէն հիմնական կարիքները գոհացնել չկարենալու իրողութեան։

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսին ուղղուած նամակով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը շեշտած է Եկեղեցին գործուն կերպով ներգրաւուելու հրամայականը։

«Մեր ժողովուրդին կեանքը յուզող ներկայ տագնապալից պայմաններուն մէջ որպէս եկեղեցի կոչուած ենք հաւատքով ու վճռակամութեամբ կռանուած յոյս ներշնչել մեր սիրելի ժողովուրդին՝ կարիքաւորներուն օժանդակելով, հիւանդներուն դարման որոնելով, հայոց բանակին զօրակցելով, հայրենիքի ու Արցախի կողքին կանգնելով եւ միջազգային համայնքէն արդարութիւն պահանջելով մեր ժողովուրդին համար», գրած է Վեհափառ Հայրապետը։ «Այս հաւատքով ու նուիրումով եկեղեցին ծառայած է մեր ժողովուրդին պատմութեան ամենէն դժնդակ պայմաններուն մէջ»։

Վեհը աւելցուցած է, թէ Եկեղեցին, «որպէս երկնային յոյսի պատգամաբեր», հարկ է աւելի ծաւալէ իր ներկայութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, անոր ծառայելով. «Ա՛յս է պատգամաը Բեթղեհէմին՝ մանաւանդ ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ»։

Դասը յստակ ու մեկին է. միայն կրնանք ապաւինիլ մեր ուժերուն։ Ասիկա կը նշանակէ, որ միայն պատասխան պիտի տանք մեզի, մեր զաւակներուն, մեր ժողովուրդին եւ Աստուծոյ։ Ինչպէս Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդգծեց անցեալ Կիրակի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն) համայնքին ուղղուած իր խօսքին մէջ, հարկ է ներշնչում գտնենք Ս. Յակոբ Մծբնացիէն, որ մեր սրբազան լեռը մագլցեցաւ՝ Նոյեան Տապանէն կտոր մը ձեռք բերելու։

Փոխաբերութիւնը կրնայ հասկնալի չըլլալ, եթէ չբացայայտենք։ Մե՛նք պէտք է պայքարինք ինչ որ մերն է պահելու ի խնդիր։ Այլապէս՝ ոչ ոք պիտի պայքարի։