Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ՎԱՔԱՐԻԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Երկուշաբթի, 6 Փետրուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդունեց Կաթողիկէ Միջին Արեւելքի Բարօրութեան Ընկերակցութեան եւ Քահանայապետական Առաքելութեան նախագահ՝ Գերապայծառ Փիթըր Վաքարիի այցելութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին, քննարկուեցան Հայ Եկեղեցւոյ ծառայութիւնը տարբեր կալուածներու մէջ աւելի եւս մշակելու հասարակաց աշխատանքներու կարելիութիւնները։