ԿԻՐԱԿԻ, 8 ՄԱՅԻՍ | ԿԱՐՄԻՐ ԿԻՐԱԿԻ
ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ 5.19-30
Յիսուս ըսաւ անոնց.
– Հաստատ գիտցէք, թէ Մարդու Որդին ինք իրմէ ոչինչ կը կատարէ, այլ կը կատարէ միայն այն՝ ինչ որ կը տեսնէ թէ Հայրը կը կատարէ: Որովհետեւ ինչ որ Հայրը կը գործէ, Որդին ալ նոյնը կը գործէ: Հայրը կը սիրէ Որդին եւ անոր ցոյց կու տայ ինչ որ ինք կը կատարէ: Տակաւին ձեր տեսածներէն աւելի սքանչելի գործեր ալ ցոյց պիտի տայ Որդիին, այնպէս որ դուք պիտի զարմանաք: Ինչպէս որ Հայրը մեռելները կը յարուցանէ եւ կեանք կու տայ անոնց, նոյնպէս ալ Որդին կեանք կու տայ իր ուզածներուն: Եւ Հայրը ոեւէ մէկը չի դատեր, այլ դատելու իշխանութիւնը ամբողջութեամբ յանձնած է Որդիին, որպէսզի բոլորն ալ պատուեն Որդին, ինչպէս որ Հայրը կը պատուեն: Ան որ չի պատուեր Որդին, չի պատուեր Հայրը որ զայն ղրկած է:
Լաւ գիտցէք, ով որ իմ խօսքերս կը լսէ եւ կը հաւատայ անոր՝ որ զիս ղրկեց, յաւիտենական կեանք ունի եւ պիտի չդատապարտուի, որովհետեւ արդէն իսկ մահէն կեանքի անցած է: Հաստա՛տ գիտցէք, ժամանակ կու գայ եւ արդէն իսկ եկած է, երբ մեռելները Աստուծոյ Որդիին ձայնը պիտի լսեն եւ լսողները պիտի ապրին: Որովհետեւ, ինչպէս որ Հայրը կեանք պարգեւելու զօրութիւնը ունի իր մէջ, այդ զօրութիւնը տուած է նաեւ Որդիին: Նոյնպէս ալ դատելու իշխանութիւնը տուաւ Որդիին, որովհետեւ անիկա Մարդու Որդին է: Ուրեմն մի՛ զարմանաք որ ըսի, թէ ահա կու գայ ժամանակը, երբ բոլոր անոնք որոնք գերեզմաններու մէջ են՝ պիտի լսեն անոր ձայնը եւ դուրս գան. անոնք որ բարիք գործած են՝ յարութիւն պիտի առնեն եւ ապրին, իսկ անոնք որ չարիք գործած են՝ յարութիւն պիտի առնեն եւ դատապարտուին: Ես ինձմէ չեմ կրնար դատել, այլ կը դատեմ այնպէս՝ ինչպէս Հօրմէս կը լսեմ. եւ ուրեմն իմ դատաստանս արդար է, որովհետեւ կը գործադրեմ ո՛չ թէ իմ կամքս, այլ կամքը անոր՝ որ զիս ղրկեց:
ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ 13.16-43
Պօղոս ոտքի ելաւ, ձեռքով նշան ըրաւ որպէսզի լռեն, եւ ըսաւ.
– Ո՜վ Իսրայէլացիներ եւ աստուածավախ մարդիկ, մտի՛կ ըրէք: Այս ժողովուրդին՝ Իսրայէլի Աստուածը, ընտրեց մեր հայրերը, բարձրացուց մեր ժողովուրդը՝ որ Եգիպտոսի մէջ որպէս պանդուխտ կ’ապրէր, եւ իր մեծ զօրութեամբ զանոնք հոնկէ հանեց: Շուրջ քառասուն տարի անապատին մէջ կերակրեց զանոնք: Ապա Քանաան երկրի բնակիչ եօթը ազգերը պարտութեան մատնելով՝ անոնց երկիրը մեր ժողովուրդին տուաւ որպէս ժառանգութիւն: Այս բոլորը եղան մօտաւորապէս չորս հարիւր յիսուն տարիներու ընթացքին: Այնուհետեւ դատաւորներ տուաւ անոնց, մինչեւ Սամուէլ մարգարէի ժամանակը, երբ մեր ժողովուրդը թագաւոր ուզեց, եւ Աստուած թագաւոր կարգեց Սաւուղը, Կիսի որդին, որ Բենիամինի ցեղէն էր, քառասուն տարուան համար: Սաւուղէն ետք անոնց վրայ թագաւոր կարգեց Դաւիթը, որուն մասին նաեւ վկայեց, ըսելով.
«Դաւիթը, Յեսսէի որդին,
սրտիս խօսող անձն է,
որ ամբողջութեամբ իմ կամքս պիտի կատարէ»:
Անոր սերունդէն էր որ Աստուած Իսրայէլի տուաւ իր խոստացած Փրկիչը՝ Յիսուսը: Բայց նախքան անոր հրապարակ գալը, Յովհաննէս Իսրայէլի ամբողջ ժողովուրդին կը քարոզէր որ ապաշխարեն եւ մկրտուին: Եւ իր պաշտօնը լրացնելու ժամանակ, Յովհաննէս ըսաւ. «Ո՞վ կը կարծէք զիս: Ես ձեր սպասած անձը չեմ: Ահա ինձմէ ետք կու գայ անիկա, որուն կօշիկները հանելու իսկ արժանի չեմ ես»:
Եղբայրնե՛ր, Աբրահամեան տոհմի զաւակներ եւ ձեր մէջ գտնուող աստուածավա՛խ մարդիկ. փրկութեան այս պատգամը Աստուած ձեզի՛ ղրկեց: Որովհետեւ Երուսաղէմի բնակիչները եւ իրենց իշխանները չճանչցան Յիսուսը, եւ զայն դատապարտելով՝ կատարած եղան խօսքը մարգարէներուն, որ ամէն Շաբաթ օր կը կարդային: Եւ թէպէտ մահուան արժանի յանցանք մը չգտան անոր վրայ, սակայն Պիղատոսէն պահանջեցին որ սպաննուի: Երբ անոր մասին բոլոր գրուածները կատարած եղան, զայն խաչէն իջեցուցին եւ գերեզման դրին: Բայց Աստուած զայն մեռելներէն յարուցանեց, եւ Յիսուս բազմաթիւ օրեր երեւցաւ անոնց՝ որոնք իրեն հետ Գալիլեայէն Երուսաղէմ եկած էին, եւ որոնք հիմա իր վկաներն են ժողովուրդին առջեւ: Մենք ալ, ահա, ձեզի կ’աւետենք, թէ Աստուած մեր հայրերուն տուած իր խոստումը կատարեց մեր օրերուն, որ անոնց որդիներն ենք: Այդ խոստումը կատարեց՝ Յիսուսը յարուցանելով, ինչպէս երկրորդ սաղմոսին մէջ ալ գրուած է. «Իմ որդիս ես դուն, այսօր քեզ ծնայ»: Նոյն այն իրողութիւնը, որ Աստուած զայն մեռելներէն յարուցանեց եւ անիկա այլեւս բնաւ մահ պիտի չտեսնէ, խոստում մըն է՝ մեզի ուղղուած, որովհետեւ Աստուած այսպէս կ’ըսէ. «Ձեզի պիտի տամ այն իսկական եւ սուրբ օրհնութիւնը, որ Դաւիթի խոստացայ», եւ ինչպէս ուրիշ սաղմոսի մը մէջ Սաղմոսագիրը կ’ըսէ. «Պիտի չթողուս որ քու ծառայիդ մարմինը փտութիւն տեսնէ»: Արդ, Դաւիթ իր սերունդին մէջ Աստուծոյ ծառայելէ ետք մեռաւ եւ իր հայրերուն քով թաղուեցաւ, եւ իր մարմինը փտեցաւ: Բայց Աստուած յարուցանեց Յիսուսը, որուն մարմինը փտութիւն չտեսաւ: Ուստի իմացէ՛ք, եղբայրնե՛ր, Յիսուսի միջոցաւ մեղքերու թողութիւն կը քարոզուի ձեզի: Ով որ անոր կը հաւատայ՝ կ’արդարանայ իր բոլոր մեղքերէն, որոնցմէ չկրցաք արդարանալ Մովսէսի Օրէնքին միջոցաւ: Զգոյշ եղէք ուրեմն, որ ձեր վրայ չգայ այն՝ ինչ որ մարգարէները կ’ըսեն.-
«Տեսէ՛ք, ո՛վ արհամարհողներ,
զարմացէք եւ կորսուեցէք.
որովհետեւ ձեր օրերուն
այնպիսի գործ մը պիտի ընեմ,
որուն պիտի չհաւատաք,
նոյնիսկ երբ մէկը պատմէ ձեզի»:
Երբ Բառնաբաս ու Պօղոս ժողովարանէն դուրս ելան, մարդիկ կ’աղաչէին որ միւս Շաբաթ օր եւս նոյն նիւթին մասին խօսին: Ժողովուրդին ցրուելէն ետք, բազմաթիւ Հրեաներ եւ հրէութեան դարձած բարեպաշտ օտարազգիներ հետեւեցան Պօղոսի եւ Բառնաբասի, որոնք անոնց հետ խօսեցան եւ համոզեցին զանոնք, որ շարունակեն Աստուծոյ շնորհքին մէջ մնալ: