Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՆՏԻՈՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԵՏՐՈՊՈԼԻՏԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ

Շաբաթ, 13 Մայիսի առաւօտեան, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մասնակցեցաւ Անտիոքի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի մետրոպոլիտի՝ Գերշ. Տ. Սապա Արքեպիսկոպոսի պաշտօնակալման արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ (Պրուքլին, Նիւ Եորք)։ Այս առթիւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նորանշանակ մետրոպոլիտին հաղորդեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.ի շնորհաւորութիւնները եւ քաջառողջութեան մաղթանքները։