Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ «ՆԱՄԱԿՆԵՐ ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆԻՆ» ՀԱՏՈՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԻՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Սփիւռքահայ գրագէտ ու հրապարակագիր Պօղոս Սնապեանին նուիրուած տուն-թանգարանը, որ կը գործէ Այնճարի մէջ (Լիբանան), նախաձեռնած էր հանգուցեալ գրագէտի «Նամակներ Պօղոս Սնապեանին» շարքին առաջին հատորի ներկայացումին, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 27 Յունիսին, Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան ճիւղի նիստերու դահլիճին մէջ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի։

Գրասենեակի տնօրէն՝ Ռուզան Առաքելեանի բացման խօսքէն ետք, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ ելոյթ ունեցան Արեւիկ Գաբրիէլեան (Նիւ Եորք) եւ Արտաշէս Շահբազեան: Ձեռնարկի ընթացքին բանախօսեցին ծանօթ գրականագէտներ Արծրուն Աւագեան, Սերժ Սրապիոնեան, Դաւիթ Գասպարեան, Հայաստանի Գրողներու Միութեան քարտուղար Պետրոս Դեմիրճեան, եւ հրապարակագիր Վաչէ Բրուտեան։ Սրտի խօսք ըսին Պօղոս Սնապեանի դուստրը՝ Թամար Սնապեան-Սուրճեան, եւ թոռնուհին՝ Նարօտ Սուրճեան։

Ձեռնարկին ներկայ էր եւ խօսք առաւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, որ վեր առաւ Պօղոս Սնապեանի վաթսունամեայ վաստակը իբրեւ հայութեան եւ յատկապէս հայ գրականութեան արժէքներու նախանձախնդիր ու անզիջող պաշտպան, օրինակ հանդիսանալով յաջորդական

սերունդներու։