Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՆՏԻՈՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ

Հինգշաբթի, 6 Յուլիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, այցելութիւն մը տուաւ Անտիոքի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի մետրպոլիտ Սապային, Ընկլվուտի մէջ (Նիւ Ճըրզի)։ Հանդիպումին ընթացքին, երկու բարձրաստիճան հոգեւորականները քննարկեցին փոխադարձ գործակցութեան հարցեր։