Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

ՓՐՈՖ. ՌԻՉԸՐՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ (9 Նոյեմբեր, 1932 – 10 Յուլիս, 2023)

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Վարչական ժողովները համայն հայութեան հետ կը սգան մահը համաշխարհային չափանիշներով հայագիտութեան կարկառուն դէմքի մը՝ պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի մահը, որ տեղի ունեցած է Երկուշաբթի, 10 Յուլիսին, 90 տարեկանին։

Փրոֆեսոր Ռիչըրտ Յովհաննէսեան ծնած է 9 Նոյեմբեր, 1932ին, Թուլարէ (Գալիֆորնիա)։ Մեծ Եղեռնի վերապրողներ Գասպար Յովհաննէսեանի եւ Սիրուն Նալպանտեանի չորս որդիներէն երրորդն էր։ Ցեղասպանութեան վերապրողներու զաւակ ըլլալը կարեւոր դեր խաղացած է իր ուսումնական կեանքին մէջ։ 1957ինամուսնացած է տոքթ. Վարդիթեր Կոճոլոզեանի հետ (19312021) Ֆրէզնոյի մէջ եւ բախտաւորուած են չորս զաւակներով՝ Ռաֆֆի, Արմէն, Անի եւ Կարօ։ Ռաֆֆի Յովհաննէսեան հետագային պիտի դառնար Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան առաջին Արտաքին Գործոց նախարարը (19911992)։

Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, որ Գալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ (Լոս Անճելըս) սկսած էր դասաւանդել 1962ին, նոյն համալսարանէն պատմութեան իր դոկտորան ստացած է 1966ին։ Յաջորդ տարին, իր աւարտաճառը հրատարակուած է «Հայաստան՝ անկախութեան ճանապարհին վրայ», ներածութիւնը հանդիսանալով անոր քառահատոր գլուխ գործոցին՝ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը» խորագրուած (19711996)։ Ան կարեւոր մասնակցութիւն ունեցած է Գալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ (Լոս Անճելըս) հայոց պատմութեան ամպիոնի հաստատումին մէջ։ Հայ Կրթական Հիմնարկութեան անունով արդի հայոց պատմութեան ամպիոնի առաջին վարիչը եղած է 1987ին։ 2011ին հանգստեան կոչուելէ ետք, ամպիոնը իր անունով վերամկրտուած է։

Հանգուցեալ պատմաբանը արեւմտեան կիսագունդին մէջ ամուր հիմքերու վրայ դրած է արդի հայոց պատմութեան կալուածի հետազօտութիւնն ու դասաւանդութիւնը։ Ստացած է բազմաթիւ մրցանակներ ու ծառայած է բազմաթիւ կրթական հաստատութիւններու հոգաբարձութիւններուն մէջ։ 1990ին ընտրուած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ։ 1970ական թուականներու վերջերէն, նուիրուած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէմ պայքարին։ Կազմակերպած է բազմաթիւ գիտաժողովներ ու հրատարակած է անոնց զեկուցումներու հատորները՝ նպաստելով հարցի լուսաբանութեան իր տարբեր կողմերով։ Ան նաեւ կոթողական ծրագիր մը գլխաւորած է՝ վերապրողներու ականատեսի վկայութիւններու պահպանելու, որուն ընթացքին ինք ու իր ուսանողները աւելի քան 1.000 գալիֆորնիաբնակ վերապրողներու վկայութիւնները արձանագրած են։

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին անկախութեան նուիրուած իր գործը հրատարակելէ ետք, փրոֆ. Յովհաննէսեան նուիրուած է Օսմանեան կայսրութեան հայկական քաղաքներու եւ գաւառներու պատմութեան յարութիւն տալու։ 1997ին սկսած է կազմակերպել լայն ժողովրդականութիւն վայելած գիտաժողովներու շարք մը, այնուհետեւ առանձինն խմբագրելով ու հրատարակելով 14 հատորներ, որոնք կը պարունակեն անոնց զեկուցումները։ Աւելի քան 6.000 էջ հաշուող այդ շարքին վերջին հատորը, նուիրուած՝ պարսկահայութեան, լոյս տեսած է 2022ին։ Հատորները նուիրուած են Վասպուրականի, Կիլիկիոյ (Սիմոն Փայասլեանի հետ), Սեբաստիոյ, Տրապիզոնի, Պիթլիսի, Անիի, Տարօնի, Իզմիրի, Պոլսոյ, Կեսարիոյ եւ այլ վայրերու։ Ան նաեւ խմբագրած է անգլերէն հայոց պատմութեան հաւաքական հեղինակութեամբ երկհատորեակ մը՝ «Հայ ժողովուրդը հին ժամանակներէն մինչեւ նոր ժամանակները»։  

Փրոֆեսոր Յովհաննէսեան երկար ժամանակ պայքարած է նաեւ հայագիտութեան կարգավիճակը բարձրացնելու գիտական աշխարհին մէջ, ինչպէս նաեւ հայագիտութեան մակարդակը զարգացնելու։ 1974ին, Հայագիտական Ուսմանց Ընկերութեան (Society for Armenian Studies) հիմնադիր հինգ անդամներէն մէկը եղած է՝ Տիգրան Գույումճեանի, Նինա Կարսոյեանի, Աւետիս Սանճեանի եւ Ռոպըրթ Թոմսընի հետ։ Ռ. Յովհաննէսեան Ընկերութեան նախագահը եղած է երեք անգամ (19771991-1992, 2006-2009)։

1982ին, համբաւաւոր պատմաբանը «Մեսրոպ Մաշտոց» մետալը ստացած է ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի։ Աւելի ուշ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ մեծարուած է Կիլիկիոյ Ասպետի (2001) եւ Կիլիկիոյ Իշխանի (2018) շքանշաններով։ Ան Արեւելեան Թեմի երկարամեայ բարեկամ ու գործակից էր։

Ազգային Առաջնորդարանի անունով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի ընտանիքին, քաջ գիտնալով, որ անոր կոթողական գործը օրինակ մըն է գալիք սերունդներուն։ Յիշատակն արդարոյն օրհնեալ եղիցի։