Առաջնորդարանէն, Մեր ծուխերէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝ ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 13 Օգոստոսին, Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պատարագեց Ս. Ստեփաննոս եկեղեցւոյ մէջ (Ջրաւան-Ուոթըրթաուն)։ Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ վեր առնելով Սուրբ Կոյսին օրինակելի կերպարը, ըսաւ. «Աստուածամօր կեանքին մէջ մենք կը տեսնենք բոլոր դարերու հաւատացեալներուն համար հոյակապ պատգամ. ա․ Աստուծոյ նախախնամութիւնը, բ․ ծնողաց՝ Յովակիմ եւ Աննայի բոլորանուէր հաւատքը Աստուծոյ հանդէպ, որուն շնորհիւ ամուլ Աննան ծնունդ տուաւ միամօր զաւկին՝ Մարիամին, գ․ Ծնողաց Մարիամի ընծայումը տաճարին՝ որպէս ուխտի զաւակ, ուր ան աճեցաւ Աստուծոյ պատուիրաններու սնունդով, դ․ Մարիամի գիտակից եւ անվերապահ յանձնառութիւնը, երբ Գաբրիէլ հրեշտակապետը իրեն յայտնեց Սուրբ Հոգիի միջոցաւ աշխարհի Փրկչին ծնունդ տալու աւետիսը»։

«Այս չորս տարրերը», ըսաւ Սրբազան Հայրը, «կը կազմեն առանցքը առողջ ընկերութեան։ Աստուծոյ նախախնամութիւնը հիմքն ու աղբիւրն է համայն ստեղծագործութեան. ա. Առանց Իրեն բացատրել տիեզերական կարգն ու սարքը, անհեթեթ է. բ․ Ծնողաց աստուածախարիսխ հաւատքը եւ խնամքը, որով արարչագործութիւնը կը շարունակէ իր բնականոն ընթացքը. գ․ Տաճարը, ուր Սուրբ Կոյսին հոգեւոր դիմադրականութիւնը սնեցաւ, մեր ներկայ հոգեւոր, մտաւոր եւ ընկերային կառոյցները կը ներկայացնեն, որոնք ծնողաց հետ կը պատրաստեն առողջ սերունդ. դ․ Աստուածամօր յանձնառութիւնը առողջ, գիտակից եւ ուրախ պատասխանն է իւրաքանչիւր անհատի, որպէս արդիւնք իր դաստիարակութեան որ կերտած է իր ինքնութիւնն ու անհատականութիւնը»։

Սրբազան Հայրը շեշտեց ներկային տիրող այն տխուր իրողութիւնը, թէ ընտանիքը, ծնողաց հեղինակութիւնը, նկարագիր կերտող հաստատութիւնները առհասարակ տարբեր ձեւերով ենթակայ են յարձակումի տարբեր ոյժերու կողմէ։ Իրապաշտ մօտեցումով, այս բոլորը առկայ եղած են պատմութեան մէջ տարբեր ձեւերով։ Հայ Քրիստոնեան այս բոլորին ծանօթ ըլլալով, երբ Աստուծմով եւ հազարամեայ իր ազգային արժէքներով կը քալէ, այդ բոլորը ո՛չ թէ զինք կը յուսալքեն, այլ առաւել եւս կը դարբնեն իր գիտակից յանձնառութիւնը Աստուծոյ, ընտանիքին, ազգին եւ մարդկութեան հանդէպ»։

Սրբազան Հայրը, անդրադառնալով ութը ամիսներէ ի վեր Արցախի անարդարանալի շրջափակումին, իր խօսքը աւարտեց, կարդալով արցախցի մօր մը առօրեայի նկարագրութենէն ու ապրումներէն մաս մը, ուր պաշտելի մայրը կ՛ըսէր․ «․․․ Արցախում ապրելը մեր գիտակցուած ընտրութիւնն է, ու ապրումակցման ամէն մի խօսք կամ զանգ դիմադրելու ոյժ է տալիս․․․ Հաւատում եմ, որ շրջափակումից դուրս ենք գալու առաւել կոփուած։ Ի հարկէ անմարդկային դժուարութիւնների ենք բախւում, բայց դա պէտք է նաեւ որպէս հնարաւորութիւն դիտարկել՝ առաւել դիմացկուն, համախմբուած, կազմակերպուած հանրոյթ դառնալու ճանապարհին․․․ Կայ զգացում, որ շրջափակումը սահմանափակել է երազելու հորիզոնը։ Հիմա բոլորս մի երազանք ունենք՝ մեր հայրենիքում նորից արժանապատիւ կեանքով ապրել։ Արցախում են հատւում բոլոր համամարդկային եւ ազգային արժէքները։ Այստեղ խնամքով, սրբօրէն պահպանւում են այդ արժէքները եւ ես շատ եմ ուզում որ երեխաներս հենց այսպիսի միջավայրում ապրեն։ Հիմա սա միակ, գլխաւոր երազանքն է, միւս բոլոր երազանքները ածանցեալ են»։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի կատարուեցաւ Խաղողօրհնէք, որմէ ետք եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ ընդունելութիւն։