Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

ԵՐԷՑԿԻՆ ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՏԷՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆԻ (1 Սեպտեմբեր, 1936 – 9 Օգոստոս, 2023)

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները ցաւով իմացան, որ անցեալ Չորեքշաբթի, 9 Օգոստոսին, իր մահկանացուն կնքած է երէցկին Վարդուհի Տէր Գալուստեան՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ երկարամեայ հոգեւոր հովիւ՝ լուսահոգի Արժպ. Տ. Մուշեղ Ա. Քհն. Տէր Գալուստեանի կողակիցը։

Վարդուհի Տէր Գալուստեան, դուստրը՝ Մուրատ եւ Սրբուհի Սարգիսեաններուն, ծնած էր Պէյրութ, 1 Սեպտեմբեր, 1936ին։ Մեծցած է իր եղբայրներուն՝ Յարութիւն եւ Վարդանի, եւ քոյրերուն՝ Սօսիի եւ Անահիտի հետ։ Դպրոց յաճախած է մինչեւ վեցերորդ դասարան, որմէ ետք իբրեւ կարուհի աշխատած է՝ ընտանիքի ապրուստին օգնելու համար։

Սեպտեմբեր 1955ին ամուսնացած է Տ. Մուշեղ Քահանայի հետ։ Անոնք սկսած են իրենց կեանքը Միացեալ Նահանգներու մէջ, իրենց առաջին երկու զաւակներուն՝ Կարոյի եւ Շողիկի հետ, երբ 1959ին Տէր Հայրը Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ (Ռէյսին, Ուիսքանսըն) հոգեւոր հովիւ նշանակուած է։ Հոն ծնած է իրենց երրորդ զաւակը՝ Նարեկը։ 1964ին, ընտանիքը փոխադրուած է Ուստըր (Մէսէչուսէթս), ուր Տէր Հայրը կոչուած էր հովուելու Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ծուխը։ Այնուհետեւ, Յունիս 1969ին, տեղափոխուած են Նիւ Եորք, ծառայելու համար Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ համայնքին։ Երէցկին Վարդուհի աւելի ուշ աշխատանքային ասպարէզին վերադարձած է եւ աւելի քան 30 տարի արեւելեան գորգերու նորոգող եղած է գորգավաճառութեան ընկերութեան մէջ, մինչ ընտանիք մեծցուցած է եւ իր բաժինը բերած է իբրեւ երէցկին Մայր Եկեղեցւոյ աշխոյժ կեանքին, միաժամանակ Տիկնանց Միութեան եւ Կանանց ու Արանց ակումբի գործօն անդամ ըլլալով։

Երէցկին Վարդուհի իր բոլոր ծանօթներուն սիրոյն, յարգանքին ու հիացումին արժանացած է եկեղեցւոյ հանդէպ իր բոլորանուէր աշխատանքին համար։ Ան միշտ պատրաստ էր իր օժանդակութիւնը բերելու ամէնուրեք, օրինակելի արժանապատուութեամբ ու արժանաւորութեամբ կատարելով իր աշխատանքը։ Ան բոլորի մայրն ու մեծ մայրը եղած է։

Տան կարգը պիտի կատարուի Ուրբաթ, 18 Օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 10։00էն 11։00ին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք տեղի պիտի ունենայ յուղարկաւորութիւնը եւ ապա թաղումը Սիտըր Կրով գերեզմանատան մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ։ Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ։

Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները իրենց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն երէցկին Վարդուհիի զաւակներուն եւ բոլոր ընտանեկան պարագաներուն։ Աստուած հոգին լուսաւորէ։