Առաջնորդարանէն, Մեր ծուխերէն

ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՑԱԽԻ Ի ՆՊԱՍՏ ԿԸ ԳԼԷ-Կ՚ԱՆՑՆԻ ԲՈԼՈՐ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Շաբաթ, 28 Հոկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ․ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, նախագահեց Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կայացած հանգանակութեան ի նպաստ Արցախահայութեան։

Հովիւ եւ հոգաբարձութիւն, եկեղեցւոյ յարակից մարմիններ եւ քոյր կազմակերպութիւններ գովելի նախաձեռնութեամբ յընթացս ճաշկերոյթի ի նպաստ եկեղեցւոյ դրամահաւաքը յատկացուցած էին Արցախի հայութեան զօրակցութեան վսեմ նպատակին։

Պրն․ Լեւոն Աթթարեան՝ հոգաբարձութեան ատենապետ,  շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց անսակարկ զօրակցութեան համար։ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն․ Նազարեան՝ հոգեւոր հովիւ, դրուատեց ծխականներու եւ բարեկամներու անվերապահ աջակցութիւնը եկեղեցւոյ բոլոր ձեռնարկներու յաջողութեան ի խնդիր։ Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ նոր վերադարձած էր Հայաստանէն, զեկոյց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Արցախահայութեան Օժանդակութեան Յանձնախումբի՝ Արցախի հայերու հետ հանդիպումի մասին։ Սրբազան Հայրը, բարձրօրէն գնահատելէ ետք Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ այս օրինակելի ձեռնարկը, ամենայն կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ հայ ազգի  ճակատագրական այս շրջանին, երբ մեր ժողովուրդը երկրորդ ցեղասպանութեան արհաւիրքի օրերը կ՛ապրի, երբե՛ք պէտք չէ կորսնցնենք մեր Հաւատքը՝ Աստուծոյ հանդէպ, Յոյսը՝ բարօր ապագայի հանդէպ, եւ Սէրը՝ Հայրենիքի հանդէպ։

Հանգանակութիւնը կրկնակի յաջողութեամբ պսակուեցաւ ժողովուրդի սրտաբուխ նուէրներով, եւ կանխատեսուած 10.000 տոլարի փոխարէն 23.000 տոլարի պատկառելի գումար մը գոյացաւ։