Առաջնորդարանէն

ՄԵՍՐՈՊ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ 20 ՏԱՐԻ ԵՏՔ

Ազգային Առաջնորդարանն ու մեր ծուխերը երախտագիտութեամբ կը յիշեն Մեսրոպ Արքեպիսկոպոսը (1941-2003), որ 1978-1998 թուականներուն Արեւելեան ԱՄՆի եւ Գանատայի անխոնջ Առաջնորդը եղաւ։ Ան Նիւ Եորք եկած էր իր վերջին անգլերէն հատորը՝ «Ս. Էջմիածին. ուղեգրութիւններ», ներկայացնելու Առաջնորդարանին մէջ, երբ յանկարծամահ եղաւ 3 Դեկտեմբեր, 2003ին։ Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս բանալի դեր խաղացած է հիմը դնելու եւ յառաջ տանելու Ազգային Առաջնորդարանի կարգ մը ծրագիրներ, որոնք ներկայիս նոյն թափով եւ աւելի ծաւալով կը շարունակուին, ինչպէս Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի «Սիամանթօ» լսարանը, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարանը, «Մեծն Ներսէս» բարեգործական կազմակերպութիւնը Հայաստանի մէջ եւ ուրիշներ։ 17 Դեկտեմբերին, Մեսրոպ Արքեպիսկոպոսի յիշատակը պիտի ոգեկոչուի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Աստուած հոգին լուսաւորէ։