Առաջնորդարանէն

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ ՍՓԻՒՌՔԸ ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆԱՑՆԵԼՈՒ

Ուաշինկթընի, Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի երիտասարդութեան հետ հանդիպումներուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդգծեց իր սրտին շատ մօտ կարգ մը նիւթեր իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին։ Ուաշինկթընի շրջանի երիտասարդները հաւաքուեցան Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ (Պեթեստա, Մէրիլէնտ), իսկ Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ ու Ս. Սարգիս եւ Նիւ Ճըրզիի Ս. Վարդանանց եկեղեցիներու երիտասարդները՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)։ Քննարկումները գլխաւորաբար նուիրուած էին Սփիւքի վերակազմակերպման, եկեղեցւոյ վերակենդանացման եւ երիտասարդութեան դերին մեր կեանքին մէջ։

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ այցելեց շրջանի ամէնօրեայ դպրոցներէն երկուքը՝ Հայ Քոյրերու վարժարանը եւ «Յովնանեան» վարժարանը, որոնք իրենց ուրոյն դերը ունին մեր պատանիներու հայեցի դաստիարակութեան մէջ։

Երիտասարդութիւնը յատուկ տեղ ունի Սփիւռքի վերակենդանացման արշաւին մէջ, զոր Վեհափառ Հայրապետը հետապնդած է վերջին երկու տարիներուն, ներառեալ 2022 եւ 2023 տարիներու «Սփիւռքի տարի» հռչակումը։ Սփիւռքահայ երիտասարդներու հետ նախընթաց հանդիպումներու ընթացքին, Կաթողիկոսը ընդգծած էր նոր սերունդը համայնքային գործունէութեան մէջ ներգրաւելու անհրաժեշտութիւնը։

Վերջին երկու տարիներուն, Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղած է հայ երիտասարդութեան բոլորուելու մեր ազգային արժէքներուն շուրջ ու գործօն դեր ունենալու մեր ազգային կեանքին մէջ։ Դիտել տուած է նաեւ, որ ներկայ համաշխարհայնացած միջավայրին մէջ, երիտասարդները յաճախ շատ աւանդական նկատելով մեր համայնքի կառոյցները, ասիկա պատճառ կ՚ըլլայ, որ անոնք խուսափին ամբողջական յանձնառութենէ։