Ի ՅԻՇԱՏԱԿ

ԱՆԱՀԻՏ ՆԱՃԱՐԵԱՆ (30 Յուլիս, 1937-14 Դեկտեմբեր, 2023)

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները ցաւով իմացան տիկ. Անահիտ Նաճարեանի մահը (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս), որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 14 Դեկտեմբերին։ Երկուշաբթի, 18 Դեկտեմբերին, տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութիւնը Ուոթըրթաունի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, որուն հետեւեցաւ թաղումը։

Տիկ. Անահիտ Նաճարեան ծնած է Հալէպ, 30 Յուլիս, 1937ին։ Դուստրն էր Նորայր եւ Ծնունդ Արթինեանի։ 1967ին տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ, հաստատուելով Ուոթըրթաուն, ուր կազմած է 50ամեայ տոհմիկ բոյն մը իր ամուսնոյն՝ Նշան Նաճարեանի հետ (մահացած՝ 2022ին), եւ ունեցած՝ երկու զաւակներ՝ Սոնիա եւ Արա։

Հանգուցեալը հաւատարիմ ու անսակարկ կերպով ծառայած է Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ, ուր ի միջի այլոց եղած է շաբաթօրեայ դպրոցի ուսուցչուհի, դպրաց դասի անդամ, հոգաբարձութեան ատենադպրուհի եւ Տիկնանց Միութեան ատենապետուհի։ Արեւելեան Թեմի Ազգային Երեսփոխական Ժողովի անդամ եղած է 1999-2007ին։

Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել Alzheimer՛s Associationի (ի յիշատակ Անահիտ Նաճարեանի) կամ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ։

Ազգային Առաջնորդարանը իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի զաւակներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն։ Աստուած հոգին լուսաւորէ։