Շաբաթ, 23 Դեկտեմբերին, Հայց. Եկեղեցին կը նշէ Դաւիթ Մարգարէի եւ Յակոբոս Տեառնեղբօր տօնը։
Դաւիթ՝ ութ եղբայրներու կրտսերագոյնը, իբրեւ հովիւ մեծցաւ՝ քաջութիւն եւ հոգատարութիւն սորվելով, հասնելով թագաւորական գահին իբրեւ Իսրայէլի երկրորդ արքան։ Միակն է, որ «Յիսուսի նախահայր» անունը կը կրէ Աստուածաշունչին մէջ։ Նոր Կտակարանը աւելի քան 50 ակնարկութիւն կը պարունակէ Դաւիթի մասին, ներառեալ Յիսուսին տրուած տիտղոսը՝ Դաւիթի որդի։ Բանաստեղծ Դաւիթ նկատուած է Սաղմոսաց գիրքի հեղինակը։
Յակոբոս Առաքեալը Տեառնեղբայր կոչուած է, որովհետեւ կը կարծուի, որ Տիրոջ առաջին զարմիկն էր, կամ, ինչպէս կարգ մը մասնագէտներ ենթադրած են, Յովսէփի որդիներէն մին։ Յարութենէն ու Համբարձումէն ետք, մինչ միւս առաքեալները ցրուած են աշխարհով մէկ, Յակոբոս Երուսաղէմ մնացած է, ուր ծառայած է իբրեւ եպիսկոպոս եւ սկզբնական եկեղեցւոյ պաշտպան։ Պօղոս Առաքեալը յիշած է Պետրոսը, Յովհաննէսը եւ Յակոբոսը իբրեւ Եկեղեցւոյ «սիւները» (Թուղթ Գաղատացիներուն 2:9)։ Յակոբոս Տեառնեղբօր աճիւնը մինչեւ այսօր կը գտնուի Հայոց Պատրիարքարանի՝ իր անունով կոչուած Ս. Յակոբայ տաճարին մէջ։