Ֆրանսացի այս ծովակալը Մուսա Տաղի հայութեան փրկարարը եղած է 1915ի հերոսամարտի աւարտին։
Ֆրանսական ծովուժի փոխ ծովակալ Լուի Տարթիժ տիւ Ֆուռնէ ծնած է 2 Մարտ, 1856ին, Ֆրանսայի Օռն շրջանի Փութանժ քաղաքին մէջ։
1872ին մտած է ֆրանսական ծովուժի սպայից վարժարան, զոր աւարտած է հազարապետի աստիճանով։ 1893ին մասնակցած է Ֆրանսայի ու Սիամի (այժմ՝ Թայլանտ) պատերազմին։ 13 Յուլիս, 1893ին, «Պորի» մարտանաւի նաւապետի հրամանով, «Քոմեթ» փոքր խորտընկէցի հրամանատար Լուի Տարթիժ բռնի ուժով ապահոված է Մենամի անցքի ապահովութիւնը՝ Պանքոքի նաւահանգիստին շունչ պարգեւելու համար։ Այս յաջողութեան իբրեւ արդիւնք, Ֆրանսա ձեռք բերած է Մեքոնկ գետի (ներկայիս՝ Լաոս) ձախ ափը։ Տարթիժ հետագային «Փոթօ» մեծ ռազմանաւի հրամանատրի տեղակալ դարձած է, ապա Հիւսիսային ծովու նաւախումբին մաս կազմող «Սուրքուֆ» մարտանաւի հրամանատար նշանակուած է։
1909ին բարձրացած է ենթածովակալի աստիճանի։ Պալքանեան պատերազմի (1912-1913) ընթացքին Միջերկրականի ֆրանսական նաւարտորմիղի հրամանատարութիւնը վարած է եւ փոխ ծովակալի պաշտօնին բարձրացած։ Փետրուար 1915ին ստանձնած է նորաստեղծ ֆրանսական երրորդ նաւախումբի հրամանատարութիւնը։ Անոր կեդրոնատեղին Սուրիան էր եւ ան պարտականութիւնը ունէր թրքական տիրապետութեան տակ գտնուող ծովեզերքի պաշարման Օգոստոս 1915-ի հրամանը գործադրելու։
5 Սեպտեմբեր, 1915-ին, թրքական ցեղասպանական ծրագրին դիմադրելու համար Մուսա Տաղ ապաստան գտած վեց գիւղերու բնակիչները կարմիր խաչ մը կրող ճերմակ դրօշակով գրաւած են «Կիշէն» մարտանաւի ուշադրութիւնը։ Դեր-ծովակալ Տարթիժ տիւ Ֆուռնէ բարձր հրամանատարութենէն ցուցմունք խնդրած է։ Յստակ պատասխան մը չստանալով, իր անձնական պատասխանատուութեամբ 12-13 Սեպտեմբերին 4080 հայեր առնուած են «Ֆուտր», «Տ՚Էսթրէ», «Կիշէն», «Ամիրալ Շարնէ» եւ «Տեսօ» մարտանաւէրուն վրայ։ Ֆրանսական ծովուժի երրորդ նաւախումբը իր ամբողջ ջանքը թափած է հայերը Եգիպտոսի Փոր Սայիտ նաւահանգիստ հասցնելու գործողութիւնը յաջողցնելու համար։
Հետագային, Ֆուռնէ ստանձնած է հրամանատարութիւնը Արեւելքի մէջ դաշնակից ուժերու նաւատորմիղներուն, որոնք կը պատրաստուէին Վոսփորը գրաւել։ Ծովուժի նախարար Լուսիէն Լաքազ զինք պաշտօնազրկած է, երբ Դեկտեմբեր 1916ին դաշնակից զինուորները Աթէնքի մէջ թակարդի մէջ ինկած են։ Պաշտօնազրկուելէ ետք, ամուսնացած է եւ հանգստեան կոչուած։ Մահացած է 16 Փետրուար, 1940ին, Տորտոյն շրջանի Փերիկէօ քաղաքին մէջ։