Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՖLՈՐԱ ԶԱՊԷԼ (ծնունդ՝ 1 Ապրիլ, 1880)

Ֆլորա Զապէլ  կը հանդիսանայ ամերիկեան համր ֆիլմի եւ երաժշտական կատակերգութեան առաջին հայ դերասանուհիներէն մէկը։

Բուն անունով՝ Զապէլ Մանկասարեան, ծնած է 1 Ապրիլ, 1880-ին։ Դուստրերէն մէկն էր յայտնի աստուածաբան եւ փիլիսոփայ Մանկասար Մանկասարեանի (1859-1943)։

1880-ական թուականներուն, իր ընտանիքին հետ մեկնած է Միացեալ Նահանգներ, ապրելով Նիւ Եորքի եւ Շիքակոյի մէջ։ Իր ուսումը ստացած է Ուելեսլի գոլէճին մէջ (Մէսէչուսէթս)։

19 տարեկանին, տեղափոխուած է Նիւ Եորք՝ թատերական ասպարէզ մուտք գործելով, ինչ որ այդ օրերուն համարձակութիւն կը համարուէր երիտասարդ կնոջ մը համար։ Իր անփորձութեան պատճառով, քանի մը անգամ մերժուած է, մինչեւ որ Castle Square Grand Opera ընկերութեան թատերական տնօրէնը զայն ներգրաւած է  երգչախումբին մէջ որպէս սոփրանօ: Ֆլորա Զապէլ բեմական անունով, աստիճանաբար ճանաչում գտած է Պրոտուէյի մէջ: Ան դերեր վերցուցած է 14 երաժշտական կատակերգութիւններու եւ 5 համր ֆիլմերու մէջ:

1905-ին, Ֆլորա Զապէլ ամուսնացած է հանրածանօթ դերասան եւ երաժշտական կատակերգութեան աստղ Ռէյմոնտ Հիչքոքի հետ (1865-1929)։ Անոր կողքին դերեր ստանձնած է շարք մը հռչակաւոր երաժշտական կատակերգութիւններու եւ ֆիլմերու մէջ: Ֆլորա Զապէլ դեր ստանձնած է նաեւ «Կարմիր այրին» համր ֆիլմին մէջ (1916), նշանաւոր դերասան Ճոն Պարիմորի կողքին:

Ամուսնոյն մահէն ետք, Ֆլորա Զապէլ լքած է շարժապատկերի ասպարէզը եւ դարձած՝ Jacques Bodart Inc. ընկերութեան նախագծող եւ գործընկեր։

Մահացած է 7 Հոկտեմբեր 1968-ին, Նիւ Եորքի մէջ: