Prelacy News

Ս. ՍԱՀԱԿ-ՄԵՍՐՈՊ ԼՍԱՐԱՆԻ ՅԱՋՈՐԴ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸ

Մարտ 13-ին, Հայր Փօլ Թարազի ամբողջացուց «Ս. Սահակ Մեսրոպ» լսարանի առաջին դասընթացքը, որ նուիրուած էր Հին եւ Նոր Կտակարաններու ներածութեան։ Երեքշաբթի, 18 Մարտէն սկսեալ, Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեան, հոգեւոր հովիւ՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք), եւ Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան, հոգեւոր հովիւ՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տիրպորն, Միշիկըն), պիտի դասախօսեն բարոյական աստուածաբանութեան մասին։ Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. պիտի դասախօսէ Երեքշաբթի օրերը, 18 Մարտէն մինչեւ 8 Ապրիլ, իսկ Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն.՝ Հինգշաբթի օրերը, 20 Մարտէն մինչեւ Ապրիլ 10։

Արձանագրութեան համար, հաճեցէք սեղմել այստեղ։