Առաջնորդարանէն

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ԽՈՐԱՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 13 Ապրիլին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Ս. Պատարագ մատուցանեց Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս)։ Ծաղկազարդի առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հօր ներկայութիւնը Ուոթըրթաունի մէջ աւանդութիւն մը դարձած է այլեւս։

Փակ խորանով Մեծ Պահքի 40 օրերէն ետք, հաւատացեալները անհամբեր կը սպասէին մասնակցելու բաց վարագոյրով Ս. Պատարագին։ Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի ողջոյնները հաղորդեց եկեղեցւոյ հովիւին, հոգաբարձութեան եւ ծխականնեուն։ Քրիստոսի օրինակով խոնարհութեան ու ծառայութեան մասին իր պատգամը տալէ ետք, ան գնահատեց ծուխի նուիրումն ու Թեմի հիմնասիւնն ու ողնաշարը ըլլալու յանձնառութիւնը։

Ս. Պատարագը նաեւ յատուկ արարողութիւն մը ունէր, որուն ընթացքին օրհնուեցաւ վերանորոգ խորանն ու դասը։ Վերանորոգութիւն կարելի դարձած էր շնորհիւ տէր եւ տիկ. Յակոբ եւ Սօսի Ներսէսեաններու։ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնց մասնակցութիւնը սատարած էր ծրագրի յաջողութեան։

Օրհնութենէն ետք, տեղի ունեցաւ Ծաղկազարդի մանուկներու թափօրը, Կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտներու եւ բոլոր ներկայ երեխաներու մասնակցութեամբ։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւնը, որուն ընթացքին վարագոյրի բացուելուն կնքահայրն էր երիտասարդ ծխական Շիրակ Պէրէճիքլեանը։

Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւնը կազմակերպած էր անուշեղէններու վաճառքը, որմէ ետք Սրբազան Հայրը այցելեց նաեւ Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնը, ուր մասնակցեցաւ Ծաղկազարդի ճաշկերոյթին եւ յաւուր պատշաճի իր խօսքով բարձրօրէն գնահատեց շրջանի հայութեան հոգեւոր, մշակութային եւ ընկերային կեանքի ծաղկազարդումը։