Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՎԱԶԳԷՆ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (մահ՝ 5 Մայիս, 1982)

Պատմաբան ու աղբիւրագէտ Վազգէն Յակոբեան կարեւոր աշխատութիւններ իրագործած է հայ միջնադարեան եւ վաղ արդի պատմութեան բնագաւառին մէջ։

Ծնած է Շիրակի մարզի Լեռնանց (այժմ՝ Լեռնագիւղ) գիւղը, 14 Փետրուար, 1913-ին։ 1941 թուականին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան ճիւղը։ 1967-ին ստացած է պատմական գիտութիւններու դոկտորի աստիճանը։ 1969-1974-ին դասախօսած է Կիրովականի (այժմ՝ Վանաձոր) մանկավարժական հիմնարկին մէջ, իսկ 1971-1982-ին Գիտութիւններու Ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկ բաժնի վարիչ եղած է։

Վազգէն Յակոբեանի ուսումնասիրութեան նիւթեր եղած են հայոց միջնադարեան պատմութիւնը, 18-րդ դարու ազատագրական շարժման խնդիրները եւ տարբեր աղբիւրներու քննութիւնը։ Կազմած է «Մանր ժամանակագրութիւններ XIII-XVIII դարեր» երկհատոր հաւաքածոն (1951-1956), ուր ներկայացուած նիւթերուն մեծ մասը առաջին անգամ ըլլալով դրած է շրջանառութեան մէջ, եւ «Հայերէն ձեռագրերի ԺԷ. դարի յիշատակարանները» (երեք հատոր, 1974-1984), մասնակցելով նաեւ 18-րդ դարու հայ-ռուսական յարաբերութիւններու պատմութեան նուիրուած փաստաթուղթերու ռուսերէն ժողովածուի մը («Հայ-ռուսական յարաբերութիւնները XVIII դարի առաջին երրորդում», հատոր 2, մաս 1-2, 1964-1967) կազմութեան։

Յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն «Կանոնագիրք Հայոց»-ի երկու հատորները (1964-1971), ուր առաջին անգամ ի մի բերած է Հայ Եկեղեցւոյ օրէնսդրութիւնը։ Այս աշխատութիւնը արժանացած է Գիտութիւններու Ակադեմիայի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մրցանակին (1974)։

Վազգէն Յակոբեան մահացած է 5 Մայիս, 1982-ին, Երեւանի մէջ։