ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԾԱՆՕԹԱՑԱՒ ՓՈՔՐ ՄՀԵՐԻ ԱՐՁԱՆԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ԾՐԱԳՐԻՆ

Հինգշաբթի, 1 Մայիսին, Հայ Քոյրերու Վարժարանի (Ռէտնըր, Փէնսիլվէնիա) այցելութեան ընթացքին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ծանօթացաւ Armenian Heritage Walk համալիրի ծրագրին, որ Ֆիլատելֆիոյ Հայկական Ժառանգութեան Հիմնադրամի նախաձեռնութիւնն է։
Սրբազան Հայրը ականատես եղաւ Արցախէն եւ Հայաստանի տարբեր շրջաններէ փոխադրուած մեծածաւալ ժայռերու, որոնք առժամեայ կերպով տեղադրուած էին Հայ Քոյրերու Վարժարանին շրջափակին մէջ։ Ինչպէս տեղեկացուցած էինք, նախագիծը կեդրոնացած է 1976-ին Ֆիլատելֆիոյ արուեստի թանգարանի մերձակայքը զետեղուած Փոքր Մհերի արձանին շուրջ։ Ծրագրին առաջին փուլի սկզբնաւորումը կայացաւ անցեալ 27 Ապրիլին։ Գըրք Սէլվէրեան՝ ծրագրի ատենապետը, Առջաջնոր Սրբազան Հօր տուաւ անհրաժեշտ մանրամասնութիւններ անոր տարբեր փուլերուն եւ նպատակներուն մասին։
Արձանին շուրջ կառուցուելիք ծառուղիին հիմքը պիտի կազմեն Հայաստանի տարբեր շրջանները ձեռք բերուած քարեր, որոնք մեր հայրենիքի աշխարհագրական ու մշակութային ամբողջական տարածքը կը ներկայացնեն։ Քարերը պիտի ծառայեն իբրեւ ֆիզիքական եւ խորհրդանշական կամուրջներ, որոնք պապենական հողը կը միացնեն հայոց պատմութեան ամերիկեան գլուխին հետ։