Մեր ծուխերէն

ԿԵԴՐՈՆԱՍՈՅԶ ԱՂՕԹՔ՝ ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ ՄԷՋ

Շաբաթ, 10 Մայիսին, Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվէնիա) իր առաջին կեդրոնասոյզ աղօթքի աշխատանոցը ունեցաւ։ Եկեղեցւոյ մէջ առաւօտեան արարողութենէ մը ետք, աշխատանոցը տեղի ունեցաւ «Թերհանեան» սրահին մէջ։

Բացման խօսքը կատարեց Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, որ անդրադարձաւ նիւթին ու անոր բնոյթին, եւ ապա ներկայացուց օրուան բանախօսը՝ Բարշ. Կարօ Սրկ. Նոխուտեան, որ երկու դասախօսութիւններով նիւթը ներկայացուց, որոնց հետեւեցան կեդրոնասոյզ աղօթքի բաժինները։

Մասնակիցները մեծապէս գնահատեցին այս մօտեցումը եւ հետաքրքրական հարցումներով դիմեցին դասախօսին, որ սպառիչ լուսաբանութիւններ տուաւ։