ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍԱՒ ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 29 Մայիսէն մինչեւ Շաբաթ, 31 Մայիս, 2025-ի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը տեղի ունեցաւ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ։ Նիստերը տեղի ունեցան Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ կից Հրեշտակապետաց Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ սրահին մէջ (Ուոթըրթաուն)։
Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Երեսփոխանական Ժողովի բացումը կատարեց աղօթքով, որմէ ետք իբրեւ ժամանակաւոր դիւանի անդամներ նշանակեց փաստաբան Մովսէս Շրիգեանը (ատենապետ) եւ Ժանէթ Հարոյեանը (ատենադպիր)։ Աւելի ուշ, ժողովը ընտրեց մնայուն դիւանը, որուն մաս կազմեցին Մովսէս Շրիգեանն ու Ժանէթ Հարոյեանը (համա-ատենապետներ) եւ Պի Մովսէսեան (անգլերէն ատենադպիր) ու Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեան (հայերէն ատենադպիր)։
Օրակարգի վաւերացումէն ետք, ժողովականները լսեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի պատգամը, որ կը նշէր Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման Տարին եւ կը շեշտէր եկեղեցւոյ դերը արդի ընկերութեան մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը կոչ ըրաւ հաւատացեալներուն Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ մշակութային հիմքերը պահպանելու, միաժամանակ գործօն կերպով արդի ընկերութեան մարտահրաւէրներուն դիմագրաւելով։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր իր նուիրեալ ղեկավարութեան համար։
Իր ուղերձին մէջ, Սրբազան Հայրը արձագանգեց Վեհափառ Հայրապետի պատգամին, շեշտելով աւանդութեան, համայնքի եւ նորարարութեան կարեւորութիւնը։
Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան՝ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, եւ հոգաբարձութեան ատենապետ Յովհաննէս Սրկ. Տաղլեան ողջունեցին մասնակիցները եւ ընդգծեցին համայնքի նոր նախաձեռնութիւնները, ներառեալ՝ Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարանի ընդլայնումը։
Արժպ. Տ. Առաքել Ալճալեան՝ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ, էջմիածնական Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Պարսամեանի ողջոյնի խօսքը հաղորդեց։ Քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներն ալ իրենց ողջոյնները հաղորդեցին եւ համառօտ անդրադարձներ ըրին Առաջնորդարանի հետ իրենց գործակցութեան, ինչպէս եւ սեփական ծրագիրներու մասին։ Խօսք առին Կարօ Թաշեան (Հ. Յ. Դաշնակցութեան Արեւելեան Շրջան), Հիթըր Աբիկեան-Գրաֆեան (Հ.Օ.Մ.ի Արեւելեան Շրջան), Յասմիկ Աբրահամեան (Համազգայինի Արեւելեան Շրջան) եւ Վիգէն Խաչատուրեան (ՀՄԸՄ-ի Արեւելեան Շրջան)։ Ազգային Վարչութեան ատենադպիր Թամար Քանարեան կարդաց Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութենէն ստացուած ուղերձ մը։
Գնդ. Արամ Սարաֆեան՝ Ազգային Վարչութեան ատենապետ, ներկայացուց վարչոթեան տարեկան տեղեկագիրը, որ կը ներառնէր Առաջնորդարանի ներկայ ծրագիրները, ռազմավարական ծրագրումը եւ ելեւմտական վիճակը, իսկ յաջորդ օր պատասխանեց երեսփոխաններու հարցումներ։
Ալիս Սիմոնեան-Պուրաթի ներկայացուց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) հեռակայ կարգով քուէարկելու ծրագրի արդիւնքները, իսկ փաստաբան Անոյշ Պաղտասարեան դասախօսեց ինքնութեան եւ արդարութեան հարցերու մասին վերստին արմատաւորուած հայկական համայնքներու մէջ։
Երեսփոխանական Ժողովի մասին տեղեկագրութիւնը պիտի շարունակուի յաջորդ թիւով։