ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ՌԷՅՍԻՆԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 29 Յունիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ․Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, նախագահեց Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ (Racine WI) տարեկան դաշտահանդէսի առթիւ տեղի ունեցած Անդաստանի արարողութեան եւ մատաղի օրհնութեան, Johnson Parkի մէջ։
Շուրջ 800 ներկաներու ուղղելով իր խօսքը, Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց Հոգաբարձութեան, եկեղեցւոյ յարակից մարմիններու եւ քոյր կազմակերպութեանց գործակցութեամբ աւելի քան կէս դարու աւանդութիւն ունեցող այս դաշտահանդէսը, որուն կը մասնակցին ոչ միայն ծխականներ, այլեւ շրջանի ժողովուրդը։ Ան յայտնեց, թէ դաշտահանդէսները, խրախճանական բնոյթ ունենալով հանդերձ, կը բնորոշուին որպէս գոհաբանական հաւաքներ, միասնաբար շնորհակալութիւն յայտնելու Բարեգութ Աստուծոյ, մեզի պարգեւած իր անհամար բարիքներուն համար։
Յուզիչ էր տեսնել եւ խրախուսիչ, որ 90 աստիճանի հասնող կիզիչ արեւու ջերմութեան տակ երկար շարք կազմած, տարեց թէ պատանի, իրենց ձեռքին բռնած մէկ կամ երկու, երբեմն աւելի սաներ, կը մօտենային գլխաւոր սեղանին, ստանալու իրենց բաժինը։
Հայկական տոհմիկ նուագն ու պարերը ճոխացուցին դաշտահանդէսը, որ տեւեց մինչեւ երեկոյ։