News
ԴՈԿՏ. ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆԻ ԱՆԳԼԵՐԷՆ ՆՈՐ ՀԱՏՈՐԸ՝ “THE COLOR OF CHOICE”
Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, վերջերս լոյս ընծայած է անգլերէն կարեւոր աշխատութիւն մը՝ “The Color of Choice: The Armenians and the Politics of Race in the United States and Germany (1890–1945)” (Ընտրութեան գոյնը. հայերը եւ ցեղային քաղաքականութիւնը Միացեալ Նահանգներու եւ Գերմանիոյ մէջ (1890-1945)։ Սոյն աշխատութիւնը հրատարակած է գերմանական Brill | Schöningh հրատարակչատունը, որ հոլանտական համբաւաւոր Brill հրատարակչական հաստատութեան անդամներէն մէկը։ Գիրքը երկրորդ հրատարակութիւնն է «Հայոց պատմութիւն եւ մշակոյթ» նոր մատենաշարին, զոր կը վարեն պատմաբաններ Աշոտ Հայրունի եւ Ռոբերտ Սուքիասեան։
Դոկտ. Մատթէոսեանի այս գործը առաջին անգամ ըլլալով ընթերցողին կը ներկայացնէ Եւրոպայի ու Միացեալ Նահանգներու անմարդկայնութեան եւ ցեղապաշտութեան պատմութիւն մը, որ վեր կը հանէ հայերու անցանկալի կարգավիճակը յատկապէս երկու աշխարհամարտերուն միջեւ։ Անոնք պարտաւոր էին փաստել իրենց «ազատ սպիտակ անձեր» ըլլալու հանգամանքը Միացեալ Նահանգներու մէջ, երկու անգամ կանգնելով դատարաններուն առջեւ (1909 եւ 1924)։ Նացիական Գերմանիոյ մէջ, պէտք է փաստէին «արիական ցեղ»ին պատկանելիութիւնը՝ իրենց գոյութիւնը պահպանելու համար։ Գիրքը կը շրջագծէ այս բոլոր իրադարձութիւնները Ամերիկայի սպիտակութեան եւ գաղթականութեան վէճերու եւ Գերմանիոյ օտարատեաց խօսոյթի (discourse) ծիրին մէջ։ Առաջինները յանգած են 1924-ի գաղթականութեան օրէնքին, որ նուազագոյնի իջեցուցած է արեւելեան ու հարաւ-արեւելեան Եւրոպայէն ու արեւմտեան Ասիայէն գաղթականներու, ներառեալ՝ հայերու թիւը, իսկ երկրորդը հայերն ու հրեաները նոյնացուցած է նացիականութեան օրերէն առաջ եւ անոնց ընթացքին։
Գիրքը միայն տրամադրելի պիտի ըլլայ լաթակազմ տպագրութեամբ եւ տրամադրելի է Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն։