News
ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ՝ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանի տնօրէն՝ Գերշ. Տ. Շահան Արքեպիսկոպոս Սարգիսեան, հիւրաբար կը գտնուի Նիւ Եորք։ Իր ներկայութենէն օգտուելով հարցազրոյց մը ունեցանք Սրբազան Հօր հետ։ Շահան Արքեպիսկոպոս անդրադարձաւ իր գործունէութեան մատենադարանին մէջ, վեր հանելով անոր գործակցութիւնը Հայաստանի գիտական հաստատութիւններուն հետ։
— Սրբազան Հայր, հաճեցէք մեր ընթերցողներուն ծանօթացնել Հայ Եկեղեցւոյ ու անոր ընդմէջէն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ձեր երկարամեայ ծառայութեան գլխաւոր հանգրուաններուն։
Նախ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանին իր եղբայրական հիւրընկալութեան եւ տնօրինումին համար:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով հոգեւորականի ծառայութիւնս բերած եմ յատկապէս Դպրեվանքի մէջ, իբրեւ ուսուցիչ ու հսկիչ, աւելի ուշ՝ տեսուչ (1995-2002), ապա թեմական ծառայութիւն, յաջորդաբար, Առաջնորդ Սպահանի եւ Հարաւային Իրանի Հայոց Թեմի (2002-2004) եւ Առաջնորդ Բերիոյ Հայոց Թեմի (2004-2019): Պելճիքա ուսանողական տարիներուն (1991-1995) նաեւ հովուական գործունէութիւն ունեցայ` չորս տարի:
— Ծառայական ձեր գործունէութեան կողքին, դուք նաեւ վաստակ ունիք հայագիտութեան մէջ։
Ուսումնակրթական եւ հայագիտական գործունէութեան մասին. Դպրեվանքի կրթական աշխատանքներուս կողքին, հայ եկեղեցւոյ, հայ մատենագրութեան, գրաբարի եւ արեւմտահայ աշխարհաբարի ու կրօնագիտական նիւթեր դասաւանդած եւ դասախօսած եմ Լիբանան՝ Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկին եւ Ճեմարանին մէջ, Նոր Ջուղա՝ հայագիտական դասընթացներուն, Հալէպ՝ Համազգայինի Հայագիտականին մէջ: Խմբագրական աշխատանքներ կատարած եմ «Հասկ» պաշտօնաթերթին ու «Հասկ Հայագիտական»-ին, Նոր Ջուղայի «Տեղեկատու»-ին, Հալէպի «Գանձասար»-ին, հայկական տարբեր թերթերու մէջ: Խրախուսած եւ հրատարակած եմ գիրքեր եւ տարեգիրքեր: Արխիւային պրպտողական եւ դասաւորման աշխատանքներ կատարած եմ Անթիլիաս, Նոր Ջուղա եւ Հալէպ:
— Կրնա՞ք հակիրճ անդրադարձ մը կատարել ձեր ներկայ գործունէութեան իբրեւ Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տնօրէն։
Այսօր, Անթիլիաս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի օրհնութեամբ ստանձնած եմ «Կիլիկիա» Մատենադարանը (հիմնուած 1931-ին), որ հինգ մասերէ կը բաղկանայ. ձեռագիրներու բաժանմունք, հնատիպ գիրքերու բաժանմունք, մամուլի բաժին, հայերէն գիրքերու բաժին եւ օտարալեզու գիրքերու բաժին:
Մեր ծրագիրները բազմազան են. ձեռագրական երկու ժողովածուներ ունինք՝ Անթիլիաս եւ Հալէպ, որոնց ցուցակները կը վերամշակուին եւ նոր ձեռագիրներով կը ճոխանան: Այս առիթով կոչ կուղղենք մեր ժողովուրդին, որպէսզի մշակութային արժէքներ ներկայացնող առարկաներ կամ գիրք ու ձեռագրեր նուիրեն կամ փոխանցեն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Մատենադարանին եւ Թանգարանին:
— Ի՞նչ նախաձեռնութիւններ կան Հայաստանի գիտոակա հաստատութիւններու հետ համագործակցութեան ուղղութեամբ։
Վերջին հինգ տարիներուն, Վեհափառ Հայրապետի քաջալերութեամբ, յարաբերութիւնները աշխուժացուցինք մշակութային մարզին մէջ, մասնաւորաբար Հայաստանի Հանրապետութեան կարեւորագոյն մշակութային հաստատութեանց հետ: Փոխըմբռնման եւ Գործակցութեան յուշագրեր ստորագրեցինք Մաշտոցեան Մատենադարանին, Ազգային Գրադարանին, Ազգային Արխիւին, Ակադեմիայի Հիմնարար Գրադարանին, Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Ինստիտուտին հետ: Անշուշտ այլ կառոյցներու հետ եւս գործակցութիւնը խորացնելու ընթացքի մէջ ենք:
Վերոյիշեալներուն հետ գործնապէս եւ տեսանելի աշխատանքներ կը կատարենք, օրինակ՝ Մատենադարանին հետ Հալէպի ձեռագիրներու ուսումնասիրութեան եւ գեղատիպ հատորի մը պատրաստութեան վերջին հանգրուանն ենք: Վաւերագրեր հրապարակեցինք Ատանայի աղերսուած եւ ի մօտոյ Կիլիկիոյ պարպումին վերաբերող բազմահատոր արխիւային նիւթեր:
— Ընթացքի մէջ գտնուող ուրիշ ի՞նչ ծրագիրներ կան։
«Հասկ» հայագիտական տարեգիրքի ԺԳ. տարին (Ս. Ներսէս Դ. Շնորհալի հայրապետի 850-ամեակի) անցեալ տարի հրատարակեցինք եւ շուտով, Աստուծոյ կամքով, լոյս պիտի ընծայուի ԺԴ. տարին՝ հայագիտական հետաքրքրական բովանդակութեամբ:
Յիշենք, որ այս տարին ամբողջացաւ Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 30 ամեակը եւ Ս. Աթոռէն մինչեւ Թեմեր յատուկ ձեռնարկներ կը կատարուին եւ այս առիթով հրատարակութիւններ լոյս կ’ընծայուին: Մեր կարգին, գործակցութեամբ Հիմնարար Գրադարանին կը պատրաստենք ընդարձակ Կենսամատենագիտութիւն եւ յոյսով ենք որ զանոնք այս եւ գալիք տարուան մէջ կը յանձնենք տպագրութեան եւ հանրութեան, արժեւորելով Հայրապետին ու Հայրապետութեան 30 տարիներու բազմարդիւն գործունէութիւնն ու ծառայութիւնը:
Այստեղ ներուի մեզի կարեւոր յիշեցում մը եւ կոչ մը կրկին ուղղել մեր ազգի զաւակներուն, որ մշակութային եւ յատկապէս հայ մշակոյթի վերաբերող ծաւալուն գործունէութեան մը յաջողութեան իրենց նիւթաբարոյական կամ գործնական մասնակցութիւնը բերելը՝ քաղցր պարտք մը եւ պատիւ մըն է: