Featured, Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 31 Օգոստոսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մասնակցեցաւ Ս. Պատարագին Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, Ջրաւան, Պոսթըն։ Պատարագը մատուցանեց եկեղեցւոյ հովիւ՝ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան։

Սրբազան Հայրը քարոզեց, նիւթ ունենալով օրուան աւետարանական ընթերցումը՝ Մարկոս 4.35-41, որ կը ներկայացնէր Քրիստոսի հրաշագործութիւնը, որով խաղաղեցուց Գալիլիոյ փոթորկոտ ծովակը։ Այժմէականացնելով այս դրուագին պատգամը, ան ըսաւ, թէ եկեղեցւոյ հայրերը կեանքը նմանցուցած են ծովուն, որ մերթ խաղաղ եւ մերթ փոթորկոտ է։ Ամէն անոնք որոնք, առաքեալներուն նման, ամբողջապէս կ՚ապաւինին իրենց անձնական գիտութեան եւ փորձառութեան, կու գայ պահ մը երբ անկարող կը զգան կեանքի անակնկալ եւ դաժան յորձանուտներուն դիմաց, բայց երբ դիմեն Աստուծոյ, Ան միշտ պատրաստ է մեր կեանքի նաւը խաղաղ նաւահանգիստ առաջնորդել։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, Սրբազան Հայրը, հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ․ Վարդապետին հետ մեկնեցաւ Ուոլթհէմի մարզական դաշտը, ուր անցնող շաբաթավերջին տեղի կ՚ունենային Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (AYF) 91-րդ ողիմպիական խաղերը։ Պաշտօնական արարողութեան ընթացքին ան խօսքը ուղղելով ներկաներուն, յատկապէս մարզիկներուն, ըսաւ․

«Այստեղ հաւաքուած ենք մարզական թէ ընկերային ձեռնարկներէն անդին նորոգելու մեր ուխտը մեր Միասնականութեան եւ Ինքնութեան, Յանձնառութեան եւ Առաքելութեան։  Արդարեւ, հակառակ աշխարհասփիւռ մեր ցրուումին՝ Գալիֆորնիայէն մինչեւ Պոսթըն եւ Աւստրալիա, ուրկէ մարզիկներու խումբ մը ժամանած է, մենք մէկ եւ նոյն ազգի զաւակներն ենք եւ մեր երակներուն մէջ կը հոսի Հայկեան աղեղէն արձակուած ազատութեան եւ արժանապատուութեան գիտակցութիւնը, եւ ըստ այնմ մեր ազգին ու հայրենիքին հանդէպ Գարեգին Նժդեհեան յանձնառութեան եւ առաքելութեան ոգին»։

Ան մաղթեց բոլոր ներկաներուն որ մարզական ոգիով միշտ նորանոր նուաճումներու հետամուտ ըլլան անձնական թէ համայնական կեանքի յաջողութեանց եւ բարօրութեան համար։

Հինգշաբթի, 4 Սեպտեմբերին, Սրբազան Հայրը Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ողիմպիական խաղերուն մասնակից աւստրալահայ մարզիկներ Ռուբէն Թերզեանի եւ Հրանդ Պէօճիկեանի, որոնց հետ առիթը ունեցաւ խօսելու Աւստրալիոյ հայ համայնքի գործունէութեան մասին։