Featured, Առաջնորդարանէն

«ՄԵԾ ԸՆՏԱՆԻՔ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՃԱՄԲԱՐԻ 15-ԱՄԵԱԿԸ

22 Յուլիսէն մինչեւ 7 Օգոստոսին, Ծաղկաձորի մէջ (Հայաստան) երկու շաբաթական նիստերով մեծ յաջողութեամբ տեղի ունեցաւ «Յոյս եւ լոյս» կազմակերպութեան եւ Ազգային Առաջնորդարանի «Մեծ ընտանիք» ամառնային 15-րդ ճամբարը, որուն մասնակցեցան 10-16 տարեկան 97 ծնողազուրկ երեխաներ եւ 23 խորհրդականներ, որոնք ընտրուած էին ճամբարի նախկին մասնակիցներու ընդմէջէն։ Այս նախաձեռնութիւնը իր սկիզբէն գլխաւորած է Արժպ. Տ. Արամ Ա. Քհն. Ստեփանեան։ Մասնակիցներուն օրերը հոգեւոր եւ գործնական աշխատանքով անցան, ու պակսեցան մարզանքի ու զուարճութեան պահերը։