Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՌԱՖԱՅԷԼ ՏԷ ՆՈԿԱԼԷՍ ՄԵՆՏԷՍ (ծնունդ՝ 14 Հոկտեմբեր, 1877)

Ռաֆայէլ տէ Նոկալէս Մենտէս վենեզուելացի վարձկան զինուորական մը եւ արծակախնդիր մը եղած է, ու նաեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վկայ։

Ծնած է Սան Քրիստոպալ (Վենեզուելա), 14 Հոկտեմբեր, 1877-ին։ Ուսումը ստացած է Գերմանիոյ, Պելճիքայի եւ Սպանիոյ համալսարաններու մէջ, եւ սորված է քանի մը լեզուներ։ Զինուորական դարձած է եւ սկսած է ճամբորդել հոն ուր պատերազմի լուրեր կային։ Այսպէս, սպանական կողմի զինուոր եղած է 1898-ի Սպանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու պատերազմին։

1902-ին, մասնակցած է Վենեզուելայի մենատէր Սիփրիանօ Գասթրոն տապալելու ձախող փորձի մը, իսկ 1904-ին՝ ռուս-ճափոնական պատերազմին։ Աւելի ուշ, Ալասքայի մէջ ոսկիի որոնումին մասնակցած է, իսկ Արիզոնայի մէջ կովարած եղած։ 1908-ին վերադարձած է Վենեզուելա, երբ Խուան Վիսենթէ Կոմէզի բռնաշրջումը վերջ տուած է Գասթրոյի կառավարութեան։ Սակայն, շուտով Կոմէզի հետ գժտուած է եւ դիմած՝ տարագրութեան։

Ա. Աշխարհամարտին, փորձած է զանազան եւրոպական բանակներու անդամակցիլ, բայց ի վերջոյ զինուորագրուած է օսմանեան բանակին մէջ։ Կովկասի ռազմաճակատ ղրկուելով, օսմանեան ուժերուն հետ մասնակցած է Վանի պաշարումին։ 1924-ին լոյս ընծայած է իր սպաներէն յուշերը՝ «Չորս տարի Մահիկին տակ», որոնք թարգմանուած են բազմաթիւ լեզուներու, ուր, հայերու հանդէպ իր հակակրանքին զուգահեռ, դատապարտած է Իթթիհատի կառավարութիւնը եւ անոր ցեղասպան քաղաքականութիւնը, բազմաթիւ ականատեսի վկայութիւններով։ Ան շեշտակի կերպով ամբաստանած է Թալէաթն ու Էնվերը իբրեւ հիմնական պատասխանատուները։ Որպէս սկզբունքի տէր զինուորական, ան խիզախօրէն դատապարտած է անմարդկայնութեան դրսեւորումները։ Պատահական չէ, որ յուշերուն թրքերէն առաջին թարգմանութիւնը՝ 1931-ին, կրճատած ըլլայ հայանպաստ բոլոր ակնարկութիւնները։

Կովկասի ռազմաճակատէն իր դիմումով փոխադրուած է Սուրիոյ եւ Պաղեստինի ռազմաճակատը, ուր շարունակած է կռուիլ օսմանեան բանակին մէջ մինչեւ պատերազմին աւարտը։ Շքանշանի արժանացած է Գերմանիոյ կայսեր Վիլհելմ Բ.ի կողմէ։

Պատերազմէն ետք, Նոկալէս ապրած է Լոնտոնի եւ Նիւ Եորքի մէջ։ Գործակցած է Նիքարակուացի յեղափոխական Աուկուստօ Սանտինոյի հետ եւ հրատարակած է յուշագրական քանի մը հատորներ։

Մօտ երեք տասնամեակ իր երկրէն դուրս ապրելէ ետք, 1936-ին Նոկալէս վերադարձած է Վենեզուելա՝ մենատէր Կոմէզի մահէն ետք, եւ իբրեւ լիազօր ուղարկուած է Փանամա, այդ երկրի բանակը ուսումնասիրելու համար։ Մահացած է Փանամայի մէջ, 10 Յուլիս, 1937-ին։