ԱՆԹՈՆԻԱ ԱՐՍԼԱՆԻ «ՄՇՈՅ ԳԻՐՔԸ» ՎԻՊԱԿԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

Ուրբաթ, 10 Հոկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ իտալահայ գրագիտուհի Անթոնիա Արսլանի «Մշոյ գիրքը» վիպակի հայերէն թարգմանութեան ներկայացումը։
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, որ գիրքին թարգմանիչն է, կատարեց այս գողտրիկ հրատարակութեան ներկայացումը։ Ան խօսեցաւ հայկական ամենամեծ ձեռագրի՝ 13-րդ դարուն ընդօրինակուած «Մշոյ ճառընտիր»ի մասին, ինչպէս եւ անոր փրկութեան պատմութիւնը Մեծ Եղեռնի օրերուն, որ հիմքը հանդիսացած է «Մշոյ գիրքը» վիւպակին։ Թարգմանիչը անդրադարձաւ Անթոնիա Արսլանի կատարած վիպական վերակառուցումին, որ պատմութեան պահած չնչին փաստին միս ու ոսկոր տուած է, երկու մշեցի անանուն կիներուն անձնազոհութիւնը դրոշմելով ընթերցողի երեւակայութեան մէջ։ Իր խօսքի աւարտին, դոկտ. Մատթէոսեան թարգմանութենէն հատուած մը կարդաց, ճաշակ մը տալով հեղինակի ոճին։ Այնուհետեւ, ան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն։
Տիկ. Արսլան չէր կրցած ներկայ ըլլալ առողջական պատճառներով, բայց երախտագիտութեան ձայնագրեալ խօսք մը ղրկած էր, որ ունկնդրուեցաւ ներկաներուն կողմէ։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փակեց ձեռնարկը, յիշելով անոր խորհրդանշական կապը Թարգմանչաց տօնին եւ Հայ Մշակոյթի Ամսուան հետ։ Ան շեշտեց գիրքին գրական արժէքը, բարձրօրէն գնահատելով անոր հերոսապատումը, որ մեր պատմութեան մէջ հայ կնոջ սխրալի արարքներու իւրայատուկ արձագանգը կը կազմէ։