ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՆՈՐ ԿԵԴՐՈՆ ԿՐԱՆԻԹ ՍԻԹԻԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 6 Հոկտեմբերին, տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Կրանիթ Սիթի) նոր երիտասարդական կեդրոնին բացումը, որուն օրհնութիւն կատարեց Արժպ. Տ. Դանիէլ Քհն. Մանճիկեանի՝ այցելու հովիւ, եկեղեցւոյ սարկաւագներու ընկերակցութեամբ։ Ծխականները առիթը ունեցան այցելելու նոր կեդրոնը, որ կը գտնուի եկեղեցւոյ համայնքային կեդրոնէն ներս։